Որոնել

Մեծն Պարոյր Սեւակի թոռը՝ Սեւակ Ղազարեան այցելած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան Մեծն Պարոյր Սեւակի թոռը՝ Սեւակ Ղազարեան այցելած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան 

Մեծն Պարոյր Սեւակի թոռը՝ Սեւակ Ղազարեան այցելած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան

Հայրենի անմահանուն բանաստեղծ՝ Պարոյր Սեւակի թոռը, գրականագէտ՝ Սեւակ Ղազարեան, պատուիրակութեան մը գլխուն այցելած է վարժարան եւ մօտէն ծանօթացած դպրոցի աշակերտութեան։
Ունկնդրէ լուրը

26 Մարտ 2024-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը ապրեցաւ հայ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծական աւանդին առթած ոգիով լեցուն պահեր, զորս վարժարան այցելութեամբ իր հետ բերաւ բանաստեղծին թոռը՝ Սեւակ Ղազարեան, որ Պէյրութ կը գտնուի իր մեծ հօր ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան եւ անոր 100 քերթուածներու հատընտիրին շնորհանդէսին առիթով, հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան Վահէ Սէթեան հրատարակչատան եւ Համազգայինի Լիբանանի շրջանի Գիր եւ գրականութիւն մասնագիտացած մասնաճիւղին:

Մեսրոպեան այցին պարոն Ղազարեանին կ՛ընկերանային անոր տիկինը, հայրենի վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան եւ Վահէ Սէթեան հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:

Աշակերտութեան հետ հանդիպումին արտասանած բացման խօսքին մէջ Մեսրոպեանի բարձր կարգերու հայերէնի ուսուցչուհի տիկին Սրբուկ Ճենանեան դիտել տուաւ, որ աշակերտութեան համար մեծ բախտաւորութիւն է հանդիպումը իւրայատուկ հիւրի մը, յանձինս Սեւակ Ղազարեանի, որ արեամբ եւ գործով հարազատ ժառագն է հայ արդի գրականութեան հսկաներէն մէկուն, եւ որ բարձր կը պահէ անոր վառած ջահը՝ յանուն մտքերու եւ սրտերու լուսաւորութեան: Տիկին Ճենանեան ներկայացուց Պարոյր Սեւակի եւ անոր ժառանգութեան պահպանման եւ ուսումնասիրութեան նուիրուած Սեւակ Ղազարեանի հակիրճ կենսագրութիւնները, վեր բերելով իւրաքանչիւրին ներդրումը համապատասխանաբար բանաստեղծութեան եւ բանասիրութեան մէջ:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթներ ունեցան Մեսրոպեանի աշակերտներ Մէյրի Էքմէքճեան (ասմունք), Նայիրի Առնէլեան (նուագ, տուտուկ) եւ Սէրլի Մուղալեան (նուագ, դաշնամուր):

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց օրուան գլխաւոր հիւրը՝ Սեւակ Ղազարեան, դիտել տալով, որ իրեն համար մեծագոյն գոհունակութիւն է կրկին այցելել Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, ուր առաջին անգամ եղած է 2016-ին: Ան անխառն հիացմունքով խօսեցաւ վարժարանի յառաջընթացին մասին որ արձանագրուած է տարիներու ընթացքին: Պատասխանելով աշակերտներու հարցումներուն, Սեւակ Ղազարեան խօսեցաւ Պարոյր Սեւակի անցած բարդ ճանապարհին մասին՝ մանկութենէն մինչեւ հասուն տարիք եւ այն խնդիրներուն, զորս ան դիմագրաւած է ստեղծագործական աշխատանքին ընթացքին, խորհրդային կարգերուն տակ: Ապա հիւրը թուարկեց շատ մը պատգամներ որոնք կը բխին Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութենէն, որոնք յատկապէս երիտասարդութեան համար կը մնան հնչող եւ այժմէական:

Պարոն Դաւիթ Յակոբեան, ընդառաջելով Մեսրոպեանի տնօրէնին խնդրանքին, ասմունքեց քերթուած մը մեծ բանաստեղծէն, ներկաներուն հաղորդելով սեւակեան բանաստեղծութեան հարազատ շունչն ու հոգին:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն եւ այցի կազմակերպիչներուն այս կարեւոր հանդիպումի կայացման համար: Ան դիտել տուաւ անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին մէջ նման միջոցառումներու կազմակերպման, ի շահ յատկապէս նոր սերունդի գեղարուեստական ճաշակի առողջ ձեւաւորման: Մեսրոպեանի տնօրէնը յայտնեց, որ այս տարի իր հիմնադրութեան 85-ամեակը նշող վարժարանին մէջ մասնայատուկ կարեւորութիւն կը տրուի հայ եւ օտար բարձրակարգ գրականութեան ծանօթացման, եւ այս հանդիպումը լիովին համապատասխանեց այդ նպատակին: Պարոն Գալուստ պարոն Ղազարեանի յանձնեց Մեսրոպեանի խորհրդանիշը կրող յուշապարգեւ մը վարժարան իր այցելութեան առիթով:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2024, 08:59