Որոնել

2024.03.20 Pellegrinaggio a San Gregorio Armeno a Napoli

Ուխտագնացութիւն Նափոլիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Լեհաստանէն, Պելճիքայէն եւ Իտալիոյ տարբեր համայնքներէն հայ ուխտաւորներ ժամանած էին Նափոլի պատմական եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած Լուսաւորիչի մասունքները երկրպագելու եւ արարողութեան մասնակցելու։
Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, Մարտի 16-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ յիշատակութեան օրը Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս․ Գրիգոր Հայ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուեցաւ՝ Խաժակ Արք․ Պարսամեանի ձեռամբ, ներկայութեամբ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ուքրանիայի եւ Լեհաստանի թեմի հոգեւոր առաջնորդ Մարկոս Եպս․ Յովհաննիսեանի, Լեհաստանի Հայոց հոգեւոր հովիւ Մինաս Աբղ․ Հախվերդեանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան տարբեր երկիրներու հոգեւոր սպասաւորներու։

Լեհաստանէն, Պելճիքայէն եւ Իտալիոյ տարբեր համայնքներէն հայ ուխտաւորներ ժամանած էին Նափոլի պատմական եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած Լուսաւորիչի մասունքները երկրպագելու եւ արարողութեան մասնակցելու։

Պատուոյ հիւրն էր Նափոլի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդ՝ Եպիսկոպոս Կայեթանօ Քասթելլոն, որ իր ողջոյնի խօսքը եւ քարոզը յղեց ներկաներուն։

Այդ հանդիսաւոր պահուն ան նախ Խաժակ Սրբազանին փոխանցեց վանքի նշխարներու պահոցէն դուրս բերուած՝ հայոց սուրբի բանտարկութեան երկաթեայ անուրը (շղթայի օղակը) եւ շղթաները, որոնք տեղադրուեցան եկեղեցւոյ խորանին։

Ուխտագնացութիւն Նափոլիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի
Ուխտագնացութիւն Նափոլիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Նափոլի Եպիսկոպոսը եղբայրաբար բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ Խաժակ Սրբազանին ու ամբողջ պատուիրակութեան փոխանցեց քաղաքի առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Տոմենիքօ Պաթալիայի սրտագին ողջոյնները։ Ան յիշեցուց, որ հայոց Լուսաւորիչի յիշատակը սերտ կերպով կապուած է ո՛չ միայն իր անունը կրող վանքի, եկեղեցւոյ եւ փողոցի, այլ նաեւ քաղաքի պատմութեան հետ, քանդակած անոր 9-րդ դարու մարմարէ տօնացոյցի մէջ։

Ան կարեւորեց Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ՝ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին ձգած, բանտարկութեան եւ սոսկալի չարչարանքներու վկայութեան յիշատակումը Մեծ Պահքի շրջանին։

Նափոլիի Եպիսկոպոսը, անդրադառնալով Յովհաննէսի Աւետարանի 12-րդ գլուխի հատուածին․ «Այժմ հոգիս խռովուած է։ Ի՞նչ ըսեմ. Հա՛յր, փրկէ՛ զիս այս ժամէն։ Բայց ես հենց ատոր համար եկած եմ», ըսաւ հետեւեալը․

«Սուրբ Գրիգորը, որպէս Քրիստոսի վկայ, առանց վերապահումներու իր գոյութիւնը պատշաճ դարձուց Տիրոջ խօսքերուն։ Երկար բանտարկութեան ընթացքին անոր կրած տառապանքները բացառիկ ապացոյց են, թէ ինչ կը նշանակէ հետեւիլ Տիրոջը, զոհաբերելով սեփական գոյութիւնը յանուն Քրիստոսի եւ իր եղբայրներուն: Եւ Սուրբ Գրիգորի կողմէ ձգած այս ժառանգութիւնը շատ պարտաւորեցնող է։

Ան ընդունուած է ուրախութեամբ բայց նաեւ վիթխարի տառապանքներով բազմաթիւ լուռ վկաներու կողմէ, ինչպիսիք են ձեր երկիրի քրիստոնեայ նահատակները, որոնց հարկ է այսօր յիշել։ Սուրբ նահատակութիւն, շարունակուող դեռ անցեալ դարի ցեղասպանութենէն, որ կը յիշատակուի այստեղ եւս՝ եկեղեցւոյ մուտքի մօտ տեղադրուած խաչքարով»։

Ուխտագնացութիւն Նափոլիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի
Ուխտագնացութիւն Նափոլիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Ապա Նափոլիի Եպիսկոպոսը անդրադառնալով սեպտեմբերեան դէպքերուն, նշեց․․ «Տասնեակ հազարաւոր հայեր, դրացի երկիրներու ծաւալապաշտական նկրտումներու պատճառով անասելի տառապանքներու ներքոյ ստիպուած եղան լքել Լեռնային Ղարաբաղը», եւ արձանագրեց, որ այդ չափազանց քիչ ուշադրութեամբ կ՛ընկալուի հասարակական կարծիքի կողմէ, այդ պարագային՝ նաեւ իտալական։ Ուստի, ան փափաքեցաւ աղօթել ներկաներու հետ յանուն աշխարհի խաղաղութեան, եւ ի մասնաւորի անոնց համար, «որոնք ներկայիս ստիպուած են գտնուիլ Հայաստանի մէջ, իրենց տուներէն հեռու՝ մեր աշխարհի խուլ լռութեան ներքոյ»։

Նափոլիի եկեղեցականը աւարտեց իր խօսք՝ հայցելով Տիրոջը քրիստոնեայի վկայութիւնը ապրելու, ինչպէս ապրեցաւ Սուրբ Գրիգորը եւ ինչպէս Սուրբ Հոգիի կողմէ շնորհուած զօրութեամբ շատերը կ'շարունակեն ընել նաեւ այսօր:

Խաժակ Սրբազան իտալերէն իր պատասխան խօսքով ողջունեց Եպիսկոպոս Քասթելլոն, վանքի մեծաւորը եւ բոլոր միանձնուհիները։ Ապա իր պատգամը հաղորդեց ներկայ հայ հաւատաւորներուն։

Յաւարտ պատարագի, վանքի բակին մէջ տեղի ունեցած սիրոյ սեղանի ընթացքին Խաժակ Սրբազանը միանձնուհիներու մեծաւոր Մայր Ճովաննային նուիրեց Մայր Աթոռի Աստուածածինի եւ Մանկան փայտէ սրբապատկերը։ Իսկ վերջինս, Խաժակ Սրբազանին փոխանցեց փոքր մասնատուփ-մեդալիոն՝ մէջը զետեղուած Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքի բեկորը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 14:43