Որոնել

Մոսկուայի մէջ ահաբեկչական արարք Մոսկուայի մէջ ահաբեկչական արարք  (AFP or licensors)

Անյայտ անձերու կողմէ ահաբեկչական արարք` Մոսկուայի մէջ. Զախարովա. «Համաշխարհային հանրութիւնը պարտաւոր է դատապարտել այս հրէշաւոր յանցագործութիւնը

Ռուսական թելեկրամեան ալիքները կը հաղորդեն առնուազն 40 զոհի եւ տասնեակներով վիրաւորի մասին:

Անյայտ անձեր կրակ բացած են Մոսկուայի «Քրոքուս Սիթի հոլ» համերգասրահին մէջ, կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւններուն:

Ռուսական թելեկրամեան ալիքները կը հաղորդեն առնուազն 40 զոհի եւ տասնեակներով վիրաւորի մասին:

«ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ կրակած են առնուազն երեք անձեր:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան անդրադառնալով Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցածին յայտարարած է` համաշխարհային հանրութիւնը պարտաւոր է դատապարտել այս հրէշաւոր յանցագործութիւնը:

«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամբողջ աշխարհէն զանգեր կը ստանայ շարքային քաղաքացիներէ, որոնք կը ցաւակցին Քրոքուսի մէջ տեղի ունեցած սարսափելի ողբերգութեան կապակցութեամբ եւ խստօրէն կը դատապարտեն այս արիւնալի ահաբեկչութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ ամբողջ մարդկութեան աչքին առջեւ», նշած է Զախարովա։

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2024, 08:43