Որոնել

2023.01.02 Rev Vahan Tutighyan

Մի՛ Վախնաք (Ս. Զատիկի Առթիւ)

«Մի՛ վախնաք, գիտեմ, որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ ան, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Եկէ՛ք, տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը դրուած էր» (Մատթ. 28. 5-6):

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր տնօրէն Հայ աւետարանական
համաշխարհային խորհուրդի

«Մի՛ վախնաք, գիտեմ, որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք:
Հոս չէ ան, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր:
Եկէ՛ք, տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը  դրուած էր» (Մատթ. 28. 5-6):

Իր խաչելութենէն երեք օրեր ետք, կիրակի առաւօտուն Յիսուսի հետեւորդ բարեպաշտ կիներ եկած էին իրենց վարդապետին գերեզմանը` հրէական սովորութեան համաձայն, անոր անշունչ մարմինը օծելու ակնկալութեամբ: Յանկարծ զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով` գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը: Գերեզմանի պահապանները երբ ասիկա տեսան, սարսափեցան: Հրեշտակը կիներուն ըսաւ. «Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ, որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ ան, որովհետեւ յարութիւն առաւ»:

Զգայացունց լուր մըն էր հրեշտակին պատգամը, որ տիեզերական տարողութիւն ունի: Հրաշալի դէպքեր կու գան ու կ’անցնին, սակայն Քրիստոսի յարութեան լուրը կը մնայ, որովհետեւ այդ դէպքը բախտորոշ եւ ճակատագրական դէպք մըն է Յիսուս Քրիստոսի փրկագործչական առաքելութեան նկատմամբ: Առանց Քրիստոսի յարութեան` իր մահը սոսկ մարտիրոսութիւն մը պիտի ըլլար: Սակայն անոր յարութեամբ ան դարձաւ Քրիստոսի քաւարար զօրութիւնը: Եթէ Յիսուսի կեանքն ու քարոզութիւնը Գողգոթայի բլրան վրայ իր խաչելութեամբ վերջ գտնէր, այն ատեն Յիսուս սոսկ պատմական դէմք մը պիտի դառնար, եւ խաչելութիւնն ալ` անցեալ կատարեալ պատմական տխուր դէպք մը:

Պօղոս առաքեալին համար Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը հիմնաքարն է քրիստոնէական հաւատքին եւ քարոզութեան: Առաքեալը այսպէս կը գրէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ընդունայն է ձեր հաւատքը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք… Եթէ այդպէս է, եւ միայն այս կեանքին համար յոյս դրած ենք Քրիստոսի վրայ, մարդոց մէջ ամէնէն խղճալիներն ենք» (Ա. Կորն. 15. 17-19): Պօղոս առաքեալի հայեցակէտով, եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը ոեւէ մահկանացուի նման երկրաւոր սահմաններու մէջ կ’ամփոփուի: Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, քրիստոնեաներու հաւատքը ցնորական խօսք է, ինքնախաբէութիւն է միայն: Առաքեալը կը հաստատէ որ Քրիստոսի յարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի հիմքն է:

Հրեշտակին պատգամը գերեզման եկող կիներուն` նոյնն է ամէն դարու մէջ ապրող քրիստոնեաներուն. «Մի՛ վախնաք, ան յարութիւն առած է»: Մի՛ վախնաք, վերջին եւ վճռական յաղթանակը ձե՛րն է, եթէ ձեր կեանքը կապուած է Քրիստոսի: Կեանքի պայքարին մէջ պիտի յոգնիք: Փոյթ չէ, թէ թուլնան ձեր բազուկները, կթոտին ձեր ծունկերը եւ խռովի ձեր ներաշխարհը, մի՛ վհատիք, երբ հաւատարիմ էք ձեր ընթացքին մէջ. գիտցէ՛ք, որ ձե՛րն է վերջին յաղթանակը:

Մի՛ վախնաք, ձեր կեանքի ձմեռը որքան սաստիկ ու ցրտաշունչ ըլլայ, գիտցէ՛ք որ միշտ նոյնը պիտի չմնայ, շուտով պիտի գան գարնան պայծառ ու գեղեցիկ օրերը: Մի՛ վախնաք ձեր ուրբաթ երեկոներէն. երբ Քրիստոս ձեզի հետ է, անոնց պիտի յաջորդեն հրաշալի  յարութեան կիրակիներ: Մի՛ վախնաք, Քրիստոսի արի՛ զինուորներ. անգութ եւ անիրաւ մարդիկ կրնան խաչել ու գերեզմանել ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու սէրը, բայց Քրիստոսի յաղթական յարութեան զօրութեամբ անոնք յարութիւն պիտի առնեն:

Մի՛ վախնաք, Քրիստոսի հաւատարի՛մ ծառաներ. երբ ձեր կեանքի գիշերներու խաւարը թանձրանայ, մի՛ յուսահատիք, որովհետեւ արշալոյսը հեռու չէ, պահեցէ՛ք ձեր հաւատքն ու յոյսը:

Բանաստեղծին նման` դո՛ւք ալ յայտարարեցէք.

«Թուխպը թող պատէ երկինքը պայծառ,
Թանձր մարախուղ թող տիրէ երկիր,
Տարերքն աշխարհի խառնուին իրար,
Յուսով եմ վաղ ուշ արեւ պիտ’ ծագի»:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեա՜լ է յարութիւնն Քրիստոսի:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2024, 09:16