Որոնել

Մեծ պահքի հաւաք- հացկերոյթ Հայ Կաթողիկէ Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ Մեծ պահքի հաւաք- հացկերոյթ Հայ Կաթողիկէ Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ 

Մեծ պահքի հաւաք- հացկերոյթ Հայ Կաթողիկէ Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ

Օրերս շէնշող մթնոլորտի մը մէջ կայացած է Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Տիկնանց մարմնի կազմակերպած Մեծ Պահքի աւանադական հաւաք-հացկերոյթը։ Արարողութեան նախագահած ու նաեւ յաւուր պատշաճի խօսք արտասանած է Թուրքիոյ հայոց վիճակաւոր Գերյ. Հ. Լեւոն արք. Զէքիեան։
Ունկնդրէ լուրը

Մեծ Պահքի շրջանը կիսուեցաւ ու Միջինքի առիթով երէկ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ ձեռամբ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի։ Այնուհետեւ եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբը իրականացուց իր աւանդական ճաշկերոյթը։ Համայնքի իգական սեռի ներկայացուցիչներուն համար սպասուած այս հաւաքոյթը երէկ սարքուեցաւ Կայրէթթէփէի Փոյինթ պանդոկի սրահներուն մէջ, մօտաւորապէս 250 հոգիի մասնակցութեամբ։

Միջինքի ճաշկերոյթը իր ներկայութեամբ պատուեց կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, որպէս սեղանակից ունենալով Վարդան, Սարգիս, Յակովբոս, Աբրահամ եւ Միքայէլ Գերյարգելի Վարդապետները, համայնքային գործիչ Վազգէն Պարընն ու կաթողիկէ համայնքէն ազդեցիկ դէմքեր։

Տիկնանց Յանձնախումբի Ատենապետուհի Մարի Միմարի բացման խօսքէն ետք ներկաներուն օրհնութեան խօսք արտասանեց Զէքիեան Գերապայծառը։

Սարքուած էին պահքի յատուկ սեղաններ, ուր տիրական էր շէնշող մթնոլորտն ու բարձր տրամադրութիւնը. պատճառը երեք տարուայ ստիպողական «արգելք»ներէն ետք ¤Քովիտ եւ անցեալ տարի ալ՝ երկրաշարժ_, այս տարի ի վերջոյ աւանդութիւնը շարունակելն էր եւ միասնական ապրումներու վայելքը։

Կազմակերպիչ Տիկինները վիճակահանութիւն ալ կատարեցին, արժէքաւոր նուէրներ յանձնելով բախտաւորներուն։Հաւաքոյթի հուսկ բանքը արտասանեց Զէքիեան Սրբազան։ Գերապայծառը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ Տիկնանց կազմի անդամուհիներուն, յիշեցնելով որ սովորաբար այս հաւաքոյթը կը սարքուի 8 Մարտ Կանանց միջազգային օրուան մօտակայ թուականի մը, ուստի տեղին է յիշել եւ արժեւորել կիներու դերակատարութիւնը հասարակութեան մէջ։ Շեշտեց այր եւ կին հաւասարութեան մասին, բայց ըսաւ որ այդ հաւասարութիւնը պէտք չէ առանձնայատկութիւն ըլլայ։ Ցաւով ու ընդվզումով խօսեցաւ այժմեան այն իրականութիւններու մասին, որոնք «պահուըտած են» ժողովրդավարութեան եւ լաիքութեան գաղափարներու ետին։ Ըսաւ որ Եւրոպայի այժմեան քաղաքականութիւն է ոչնչացնել ընտանիքը՝ իր հաւաքական իմաստով։ Անաստուածութեան ու լաիքութեան միջեւ կայ բարակ կարմիր գիծ մը, որ յաճախ կ'ոտնահարուի, շեշտեց Սրբազանը, ներկայացնելով քանի մը փաստեր։ Յորդորեց որ պահենք աւանդականն ու տէր կանգնինք անոր։ Անդրադառնալով ժողովուրդներու պատմութեան մէջ կիներու դերակատարութեան, ըսաւ որ յայտնի են կին գործիչներ, որոնք բանալի դեր խաղացած են ազգերու պատմութեան մէջ։ Խօսքերու վերջաւորութեան շնորհաւորեց բոլոր Տիկինները եւ բարօրութիւն մաղթեց անոնց։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2024, 08:35