Որոնել

2024.03.29 Aleppo Pastori delle Chiese Armene a Aleppo

Հալէպի մէջ. Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ թեմի հոգեւոր հովիւներու հանդիպում

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացած է, որ հոգեւոր պետերը շնորհաւորեն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեանը վերջերս անոր ստացած արքութեան տիտղոսին համար։

Օրերս Հալէպի Հայ Աւետարանական համայնքի գլխաւոր կեդրոնին մէջ, հիւրընկալութեամբ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, տեղի ունեցած է հերթական հանդիպում՝ մասնակցութեամբ համայնքի հոգեւոր հովիւներուն։

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացած է, որ հոգեւոր պետերը շնորհաւորեն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեանը վերջերս անոր ստացած արքութեան տիտղոսին համար։ 

Կցելով մեր անխառն շնորհաւորութիւնները ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին եղած լրատւութիւնը։

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, հայ երեք համայնքապետեր՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հերթական ժողով գումարեցին, հիւրընկալութեամբ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետին, համայնքապետարանէն ներս։

Եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, համայնքապետերը արծարծեցին ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ գործունէութիւններուն առնչուող նիւթեր։

Գերապայծառ Տէրը եւ Վերապատուելի Համայնքապետը շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Արքութեան տիտղոս արժանանալուն, ինչպէս նաեւ իր տարեդարձին առիթներով եւ միասնաբար կարկանդակ հատեցին։

Գերապայծառ Տէրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Վերապատուելի Համայնքապետին նուիրեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի պատրիարքական մետալը, առ ի գնահատանք համայնքապետերու նուիրեալ ծառայութեան։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2024, 09:00