Որոնել

2020.07.09 San Mesrob Mashdots inventore dell'alfabeto armeno

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Հայ Ուսուցիչը` Հայապահպանման Առաքեալը

Ուսուցիչներու տօնը, 1994-էն սկսեալ, կը նշուի աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ: Լիբանանի մէջ` մարտ 9¬ին, Հայաստանի մէջ` հոկտեմբեր 5¬ին: Տարբեր երկիրներու մէջ` տարբեր թուականներու կը նշուի այդ տօնը, ինչպէս Իրան` մայիս 2-ին, Հնդկաստան` սեպտեմբեր 5-ին, Չինաստան` սեպտեմբեր 10-ին, Աւստրալիա` հոկտեմբերի վերջին ուրբաթ օրը, Արժանթին` սեպտեմբեր 11-ին, Պրազիլ` հոկտեմբեր 15-ին:

Այսօր ուսուցչաց տօն է:

Ուսուցչութիւնը կոչում եւ մարդակերտումի առաքելութիւն է:

Ուսուցիչը այն անձն է, որ գիտելիքներու կողքին, նկարագիր եւ առաքինութիւններ կը ջամբէ նորահաս սերունդներուն:

Հայ ուսուցիչները իրենց բոլորանուէր ծառայութեամբ անփոխարինելի դեր ունին սերունդներու հայեցի կազմաւորման եւ ազգապահպանման նուիրական առաքելութեան մէջ: Անոնք բարձրագոյն պատասխանատուութիւն ստանձնած են, որպէսզի նորահաս սերունդները հասնին մտքի, հոգիի եւ մարմինի կատարելութեան:

Հայ ուսուցիչը մեր լեզուի, մշակոյթի հաւատքի, բարքերու ու սովորութիւններու աւանդապահն է:

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ եղաւ հայերէնի առաջին ուսուցիչը: Գիրերու գիւտէն ետք, Արարատեան դաշտի շողշողացող պայծառ արեւին ներքեւ, թռչուններու ճռուողիւնին եւ եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջին հետ երբ ան Վաղարշապատ մտաւ, ժողովուրդը զայն դիմաւորեց եւ ընդունեց իբրեւ Աստուած:

Սուրբ Մեսրոպի ազգակերտ առաքելութիւնը սերունդէ սերունդ, ի գին ամէն տեսակ զրկանքի, եւ պատմութեան բոլոր վերիվայրումներու ընթացքին շարունակուող հայրենանուէր վեհ կոչման առաքեալները եղան հայ ուսուցիչները:

Անձնուրաց հայ ուսուցիչը եղաւ սիրելի մտատիպար իր աշակերտին համար: Ուսուցիչը իր անձին օրինակով կրթելով ու դաստիարակելով` մատղաշ հոգիները, կիրթ ու հայրենասէր սերունդներ պատրաստեց:

Ուսուցչաց տօնին գլխաւոր խորհուրդը կրթական մշակներուն վաստակը եւ կրթութեան ու զարգացման բնագաւառին մէջ ունեցած հսկայական ներդրումը ճանչնալն ու գնահատելն է:

Ուսուցիչներու տօնը, 1994-էն սկսեալ, կը նշուի աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ: Լիբանանի մէջ` մարտ 9¬ին, Հայաստանի մէջ` հոկտեմբեր 5¬ին: Տարբեր երկիրներու մէջ` տարբեր թուականներու կը նշուի այդ տօնը, ինչպէս Իրան` մայիս 2-ին, Հնդկաստան` սեպտեմբեր 5-ին, Չինաստան` սեպտեմբեր 10-ին, Աւստրալիա` հոկտեմբերի վերջին ուրբաթ օրը, Արժանթին` սեպտեմբեր 11-ին, Պրազիլ` հոկտեմբեր 15-ին:

«Ազդակ», ուսուցչաց տօնին օրուան առիթով, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով, իր էջերուն մէջ միշտ վեր առած է հայ ուսուցիչի անփոխարինելու առաքելութիւնը` շեշտելով, որ ուսուցիչն է այն դաստիարակը, որուն շունչով կը թրծուին նորահաս սերունդները:

«Ազդակ»ի էջերուն մէջ յիշուած է, որ ուսուցչաց տօնը կրթութեան եւ գիտութեան նուիրեալ մշակներու գնահատանքի ու երախտիքի օր է: Ուսուցչութիւնը գիտութիւն է եւ արուեստ: Ուսուցիչը սիրով կը ծառայէ եւ կը սիրէ ուսուցչութիւնը: Հայ ուսուցիչը հայապահպանման սիւնն է:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2024, 10:09