Որոնել

Հայ Կաթողիկէ տիկնանց վարչութեան նախաճաշ-հաւաք Հայ Կաթողիկէ տիկնանց վարչութեան նախաճաշ-հաւաք 

Դամասկոսի մէջ. Հայ Կաթողիկէ տիկնանց վարչութեան նախաճաշ-հաւաքը

Դամասկահայ ազնիւ տիկիններու ու օրիորդներու խումբ մը, առիթը ունեցան միասնաբար նշելու գարնանային այս հաճելի տօնը ու յիշատակելի ժամանակ անցնելու:Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհի. Տ.Գէորգ եպս. Ասատուրեանի,ինչպէս նաեւ Գեր.Հ.Գէորգ վրդ. Պահէեանի,ժողովրդապետը համայնքին:

Շաբաթ,16 մարտ 2024-ի առաւօտեան, Մայրերու տօնին առթիւ, տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան Տիկնանց վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը, «Ալ Ռայէս» ճաշարանին մէջ,Մազզէ: Դամասկահայ ազնիւ տիկիններու ու օրիորդներու խումբ մը, առիթը ունեցան միասնաբար նշելու գարնանային այս հաճելի տօնը ու յիշատակելի ժամանակ անցնելու:Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհի. Տ.Գէորգ եպս. Ասատուրեանի,ինչպէս նաեւ Գեր.Հ.Գէորգ վրդ. Պահէեանի,ժողովրդապետը համայնքին: Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տիար Տիգրան Գէորգեանի կողակիցը՝ տիկին Լուսինէն ու հիւպատոս պր.Վարդան Ադամեանի կողակից՝ տիկին Իրինան: Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Տիկնանցի ատենապետուհի տիկին Շաքէ Քէշիշեանը  հայերէն լեզուով,իսկ տիկին Սիլվանա Արիսեանը արաբերէն լեզուով:Օրուայ հանդիսավարն էր տիկին Նորա Զաուրը: 

Ձեռնարկը իր գեղեցիկ ասմունքով ճոխացուց տիկին Նորա Խաճարեան Պալեանը, արժանանալով ներկաներու բարձր գնահատանքին, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ երգեցողութեամբ ելոյթ ունեցաւ օրդ. Լենա Գէորգեանը: Ամբողջ նախաճաշի տեւողութեան, գործի դրուեցան վարչութեան տիկիններու պատրաստած հաճելի խաղերը,անակնկալներն ու վիճակահանութիւնը,որոնք յաւելեալ հաճոյք ու ուրախութիւն պատճառեցին ներկայ տիկիններուն ու օրիորդներուն: Ձեռնարկը ամբողջացաւ Գերապայծառ Տիրոջ սրտի խօսքով որով իր շնորհաւորանքներն ու օրհնութիւնը բերաւ կազմակերպիչներուն ու բոլոր ներկաներուն Մայրերու ու Կանանց տօնին առիթով:Այսպիսով վերջ գտաւ աւանդական այս հանդիպումը:Բոլորիս մաղթանքն է որ Տէրը առողջութիւն ու երկար կեանք պարգեւէ մեր բոլոր  մայրերուն,կանանց ու քոյրերուն, խաղաղութիւն տայ աշխարհիս,մանաւանդ Պաղեստինի, մեր երկրի Սուրիոյ ու հայրենիքին Հայաստանի ու գալիք Քրիստոսի Ս.Յարութեան մեծ տօնը օրհնաբեր ըլլայ բոլորիս:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2024, 08:00