Որոնել

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով  (AFP or licensors)

Միրզոյեան եւ Պայրամով համաձայնեցան շարունակել բաց հարցերու շուրջ բանակցութիւնները

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ նախարարները եւ անոնց պատուիրակութիւնները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ երկկողմ համաձայնագիրի մը նախագիծի դրոյթներու տեսակէտները: Արտայայտուեցաւ փոխադարձ համաձայնութիւն՝ շարունակելու բանակցութիւնները բաց հարցերու շուրջ:

Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, 28էն 29 Փետրուարին, Վիլլա Պորսիքի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի բանակցութիւնները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց, որ նախարարները եւ անոնց պատուիրակութիւնները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ երկկողմ համաձայնագիրի մը նախագիծի դրոյթներու տեսակէտները: Արտայայտուեցաւ փոխադարձ համաձայնութիւն՝ շարունակելու բանակցութիւնները բաց հարցերու շուրջ:

Այցելութեան ընթացքին նախարարները հանդիպում ունեցան Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի հետ՝ թէ՛ երկկողմ, եւ թէ եռակողմ ձեւաչափով:

Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելուն համար:

Ամփոփելով Միրզոյեանի եւ Պայրամովի բանակցութիւնները՝ նախարար Պերպոք «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստան ու Ատրպէյճան կ՛ընթանան խաղաղութեան համաձայնագիրի խիզախ եւ նոյն ժամանակ դժուար ուղիով: «Մենք՝ իբրեւ դաշնակցային կառավարութիւն՝ կ՛աջակցինք խաղաղ բանակցութիւններուն, որ կարելիութիւն կու տայ վէրքերու բուժման եւ խաղաղութիւն գտնելու: Ճամբու իւրաքանչիւր մեթր նշանակութիւն ունի», գրած է ան:

Նախքան եռակողմ հանդիպումը, Պերպոք ըսաւ, որ Երեւան եւ Պաքու համարձակ քայլեր առած են անցեալը ետին ձգելու համար՝ շեշտելով, որ այժմ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւն կայ: «Ես կ՛ողջունեմ ձեզ եւ ձեր կառավարութիւնները այն խիզախութեան համար, զոր դուք կը ցուցաբերէք այս նպատակին հասնելու համար», նշեց ան՝ շեշտելով, որ յառաջանալու համար կարիք կայ իրական յանձնառութեան եւ վճռականութեան, իսկ երկու պետութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանին համար՝ նպաստելով «Հարաւային Կովկասի լաւ ապագային եւ բարգաւաճման»:

Պերպոք նաեւ ընդգծեց, որ Գերմանիա ջանքեր կը գործադրէ, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ չլուծուած հարցերը լուծուին խաղաղ ուղիով եւ առանց ուժի կիրարկման:  

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2024, 08:04