Որոնել

2023.07.12 Prof. Richard Hovhannessian

6 Ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին նուիրուած գիտաժողով մը

«Յիշելով Փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը» խորագրուած գիտաժողովը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, համալսարանին «Մոնկ» կեդրոնին մէջ։

ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկը կազմակերպած է միօրեայ գիտաժողով մը, նուիրուած՝ հանգուցեալ փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին եւ անոր իրագործումներուն։

6 Ապրիլին տեղի ունենալիք գիտաժողովին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան անոր նախկին ուսանողները, պաշտօնակիցները, բարեկամները եւ ընտանեկան պարագաները եւ պիտի ցուցադրուին տեսանիւթեր։ Համալսարանին Հայկական Երաժշտութեան ծրագիրը եւս պիտի մասնակցի՝ ներկայացնելով հայկական ժողովրդային երաժշտութեան կտորները։

Անցեալ տարուան Յուլիսին մահացած դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ամերիկայի մէջ հայագիտութեան եւ յատկապէս պատմագիտութեան ոլորտին մէջ յատկանշական իրագործումներու հասած էր։ Ան մօտաւորապէս 50 տարիներ դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հանդիսանալով համալսարանին մէջ հաստատուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին տնօրէնը (1987-2011): Այս պաշտօնէն հեռանալու անոր որոշումէն ետք, ամպիոնը կոչուեցաւ իր անունով: Անոր գլուխ գործոցը կը նկատուի «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» քառահատորը: Ան հեղինակած կամ խմբագրած է առաւել քան 30 հատորներ, որոնցմէ վեցը նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ 15ը` հայկական պատմական նահանգներուն: Ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու ջանքերուն մէջ: 1972ին, ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դասաւանդեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութեան նուիրուած դասանիւթը եւ յաջորդող 40 տարիներուն առիթ հանդիսացաւ ի մի բերելու առաւել քան 1000 վերապրողներու վկայութիւնները, անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցներու ճամբով: Ան նաեւ դաստիարակած է տարբեր սերունդներու ակադեմականներ եւ հազարաւոր ուսանողներ:

«Յիշելով Փրոֆ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը» խորագրուած գիտաժողովը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 8ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, համալսարանին «Մոնկ» կեդրոնին մէջ։ Տեղեր ապահովելու համար այցելել bit.ly/RGH04-06-24 կայքէջը, իսկ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար՝ ttps://www.international.ucla.edu/armenia/event/16585  կայքէջը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2024, 09:08