Որոնել

BELGIUM-EU-POLITICS-DIPLOMACY

Սարսափած եմ Կազայի մէջ խաղաղ բնակիչներու զանգուածային սպանդի մասին լուրերէն. Պորել

Պորելը նշած է, որ պարէնային օգնութիւնէն մարդոց զրկելը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լուրջ խախտում է։

Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը յայտարարած է, որ սարսափած է Կազայի մէջ բնակիչներու զանգուածային սպանութեան մասին նորութիւններէն։

«Սարսափած եմ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունեցող Կազայի քաղաքացիական բնակչութեան շարքին հերթական արիւնահեղութեան մասին լուրերէն։ Այդ մահերը բացարձակ անընդունելի են», – գրած է Պորելը Х էջին։

Պորելը նշած է, որ պարէնային օգնութիւնէն մարդոց զրկելը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լուրջ խախտում է։

Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարն ընդգծած է, որ մարդասիրական օգնութեան անարգել հասանելիութիւն պէտք է ըլլայ դէպի Կազա։

Պաղեստինեան լրատուամիջոցները աւելի վաղ յայտնած էին, որ փետրուար 29-ին Իսրայէլը հարուած հասցուցած է Կազայի արեւմուտքը գտնուող Ալ–Ռիշատ փողոցին, ուր մարդասիրական օգնութիւն ստանալու համար հարիւրաւոր սոված մարդիկ հաւաքուած էին։ Անկլաւի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ իսրայէլեան գնդակոծութենէն առնուազն 112 մարդ զոհուած է, 760–ը տուժած են։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2024, 08:06