Որոնել

Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորում Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորում  (ANSA)

Հայաստան եւ Թուրքիա վերահաստատեցին յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 1 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ:

Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 1 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու յատուկ ներկայացուցիչները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ վերահաստատուեցաւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը: Միտքեր փոխանակուեցան այդ ուղղութեամբ կարելի յստակ քայլերու շուրջ:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու:

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ Ֆիտան Անթալիոյ միջազգային դիւանագիտական համաժողովին ընթացքին խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին: Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան եւ Հայաստան շատ մօտ են յարաբերութիւններու կարգաւորման. անիկա տեղի կ՛ունենայ տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններու շնորհիւ: Ան ընդգծեց նաեւ, որ «Թուրքիա աշխոյժ եւ դրական ջանքեր կը գործադրէ բազմաթիւ հակամարտութիւններու եւ հարցերու լուծման համար»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2024, 09:11