Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

Վենետիկի մէջ. Մեծ շուքով պիտի նշուի Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակը

Տօնախմբութիւնները կ՜աւարտին 5 Մայիսին Սուրբ Ղազարի Մայրավանքին մէջ, Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի համերգով
Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ ապրիլ ամսուան աւարտին Վենետիկի ՝Սուրբ Ղազար հայկական կղզիին վրայ հանդիսաւոր կերպով պիտի նշուի Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 275-ամեակը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մխիթարեան Մայրավանքի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

27 Ապրիլ – 5 Մայիս 2024

27 Ապրիլ, ժամը 11։00-ին, Սուրբ Ղազարի Մայրավանքին մէջ, սուրբ եւ անմահ Պատարագ երգեցողութեամբ Գասպար Էդեսսա երգչախումբին, ղեկավարութեամբ երգչապետ Տիկին Ժիւստին Ռափաչչիոլիի։ 

Ժամը 13։00-ին, հանդիսութիւններու պաշտօնական բացում Մխիթարի գրադարանին մէջ։

30 Ապրիլ, ժամը 20։00-ին, Վենետիկի Սուրբ Մարկոս մայր տաճարին մէջ, համերգ Մարսէյլի Սահակ-Մեսրոպ հայկական երգչախումբի կատարողութեամբ, ղեկավարութեամբ երգչապետ Տիար Գարիկ Քիւրքճեանի։

1 Մայիս, ժամը 11։00-ին, Պատովայի Ս. Ճուստինա մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ Պատարագ, երգեցողութեամբ Մարսէյլի Սահակ-Մեսրոպ հայկական երգչախումբին, ղեկավարութեամբ երգչապետ Տիար Գարիկ Քիւրքճեանի։

Ժամը 21։00-ին, Փատովայի Ս. Կաէթանոյ մշակոյթի տան համերգասրահին մէջ, Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի համերգ, ղեկավարութեամբ երգչապետ Տիար Էդուարդ Թաթեւոսեանի։

2 Մայիս, ժամը 16։30-ին, Սուրբ Ղազարի Մայրավանքին մէջ, համերգ Մարսէյլի Սահակ-Մեսրոպ հայկական երգչախումբին, ղեկավարութեամբ երգչապետ Տիար Գարիկ Քիւրքճեանի։

3 Մայիս, ժամը 20։00-ին, Վենետիկի Քարլոյ Կոլտոնի պատմական թատրոնին մէջ, Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի համերգ։

5 Մայիս, ժամը 16։30-ին, Սուրբ Ղազարի Մայրավանքին մէջ, Կոմիտասի անուան ազգային քառեակի համերգ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2024, 08:27