Որոնել

2024.03.25 22 anniversario fondazione Unione giovani armeni cattolici

Պէյրութի մէջ. Հ.Կ.Մ.ի Պատանեկանի հիմնադրման 22-ամեակը

Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ կարկանդակի փեկանում, ներկայութեամբ`Գերապայծար Տիրոջ, գերապատիւ վարդապետներու, Միութեան հիմնադիրներու եւ նախկին Հրամանատարներու ու Խորհուրդի անդամներու, եւ ընդհանուր խումբին։

Օրերս Պէյրութի մէջ ուրախութեան մթնոլորտի մը մէջ նշուած է Հայ Կաթողիկէ Համայնքի՝ ՀԿՄ միաւորի պատանեկանի հիմնադրման 22-ամեակը։

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀԿՄ-ի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան Զալքա մասնաճիւղի հիմնադրութեան 22-րդ ամեակին առթիւ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ, հանդիսապետութեամբ`Գերապայծառ Հայր Գաբրիել Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, ընդհանուր փոխանորդ Պէյրութի Թեմին, որուն ընթացքին հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակեցինք յիմնադիր` Հայր Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Կռանեանը։

Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ կարկանդակի փեկանում, ներկայութեամբ`Գերապայծար Տիրոջ, գերապատիւ վարդապետներու, Միութեան հիմնադիրներու եւ նախկին Հրամանատարներու ու Խորհուրդի անդամներու, եւ ընդհանուր խումբին։

Շնորհաւոր ըլլայ, յարատեւ տարեդարձներու։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2024, 08:14