Որոնել

SWITZERLAND-WEATHER-MOUNTAINS

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (4)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

100֊տարիներ կը բաժնեն մեզ Լոզանի տխրահռչակ պայմանագրէն, որու հետեւանքով Թորգոմի գահն ու երկիրը իրազրկուեցաւ լիիրաւ տէրերէն։ Այսօր եւս թրքական վարչակազմը` կողքին ունենալով Ատրպէյճանին, կը փորձեն համաթուրանական հսկայ կայսրութիւն ստեղծել։ Այս անգամ, անոնք թիրախաւորեցին Հայոց անառիկ Արցախ աշխարհն ու անոր ամբողջ ազգաբնակչութիւնը, որոնց երկար ամիսներ շրջափակելով փորձեցին թուլացնել զանոնք ու սովամահ ընել, ու յանկարծ մարտեր գոյացուցին ու ծանր զինուժ 120 հազար բնակիչներուն պարտադրեցին փախուստ տալ եւ  հեռանալ անոնց բարբարոսութիւններէն։

Սակայն, հակառակ բոլոր իրադարձութիւններուն եւ թշնամիին որդեգրած էթնիկ զտումի քաղաքականութեան, ամբողջ աշխարհի՝ լուր ականատես իրավիճակին դիմաց, հայի ոգին անկոտրուն մնաց։ Տեղահանուած եւ Հայաստան ժամանած ամբողջ ժողովուրդին աշխարհի բոլոր ծագերէն օգնութիւններ հասան։

Ուստի ո'չ շրջափակումը, ո՛չ պատրազմը, ո՛չ որդեգրուած էթնիկ զտումի քաղաքականութիւնը եւ ո'չ ալ 100֊տարիներ առաջ ստորագրուած Լոզանեան դաշնագիրը, պիտի չկարողանան կասեցնել հայուն երթը, երթ` դէպի ազատ, անկախ Հայաստանի իրաւունքներու պահպանում եւ հայ ազգի զաւակներուն իր պապենական հողի վրայ ազատ ու անկախ ապրելու եւ արարելու արդար իրաւունքի ամբողջական վաստակում։

Հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր երթը, երթ` դէպի յարուցեալ Քրիստոս, որու սիրոյն դարեր շարունակ մաքառած ազգս պիտի յանգի իր յաղթական աւարտին եւ պիտի հաճոյանայ իր Տիրոջը, որու այնքան կառչած եւ փարած է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2024, 08:49