Որոնել

Անիի կամուրջը Անիի կամուրջը 

Թուրքիան Հայաստանին փոխանցած է Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման իր պատկերացումները

Ինչ կը վերաբերի Անիի կամուրջի վերականգնման, Միրզոյեան նշած էր, որ թրքական կողմը վերջերս ներկայացուցած է իր տեսլականը, հայկական կողմը պիտի արձագանգէ, եւ ըստ այնմ հոլովոյթը պիտի շարունակուի:

Թուրքիան Հայաստանին փոխանցած է Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման իր պատկերացումները: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն` պատասխանելով «Սփութնիք Արմենիա»-ի գրաւոր հարցումին:

«Թրքական կողմը Հայաստանին փոխանցած է Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման թեքնիք հոլովոյթը կազմակերպելու վերաբերեալ իր պատկերացումները», նշուած է պատասխանին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախապէս պատասխանելով «Սփութնիք Արմենիա»-ի հարցումին ըսած էր, որ այս ուղղութեամբ տեղաշարժ կայ: Ինչ կը վերաբերի Անիի կամուրջի վերականգնման, Միրզոյեան նշած էր, որ թրքական կողմը վերջերս ներկայացուցած է իր տեսլականը, հայկական կողմը պիտի արձագանգէ, եւ ըստ այնմ հոլովոյթը պիտի շարունակուի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2024, 07:50