Որոնել

2024.02.12 Presentazione Libro "Rinascita. 101 poesie armene"

«Վերածնունդ - 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989» գիրքի շնորհանդէսը Մոնթերոթոնտոյի մէջ

Բոլոր ներկաները մեծապէս գնահատեցին հանդիսութիւնը որուն միջոցաւ կարելի եղաւ աւելի մօտէն ծանօթանալ հայկական մշակոյթին եւ արուեստին, բանաստեղծութեան ու բանաստեղծներու ընդմէջէն, ընդգծելով նաեւ թէ ան մաս կը կազմէ եւ խթան կը հանդիսանայ հայ - իտալական բարեկամութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 9 Փետրուար 2024ին Իտալիոյ Մոնթերոթոնտօ գիւղաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Fuorilinea» հրատարակչատան կողմէ հրապարակուած «Վերածնունդ - 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989» գիրքի շնորհանդէսը։

Հատորին մէջ ներառուած են 19-20-րդ դարերու հայ բանաստեղծներու՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Համօ Սահեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սևակի, Մետաքսէի, Ռազմիկ Դավոյեանի 101 ստեղծագործութիւն՝ իտալերէն թարգմանութեամբ։ Այնտեղ տեղադրուած են նաեւ հայ բանաստեղծներուն կեանքի մասին համառօտ ակնարկ: Ժողովածուն կազմած և թարգմանած է Ռատիօ Վատիկանի համագործակից` Մարիամ Երեմեանը մինչ անոր նախաբանը կը կրէ Հայագէտ Իտալացի փրոֆ. Մարքօ Պայսի ստորագրութիւնը։

Վերոնշեալ հանդիպումը կազմակերպուած էր «L'angolo di Amèlie» մշակութային կենտրոնի և «Fuorilinea» խմբագրատան համագործակցութեամբ եւ կը վայելէր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութիւնը։

Գիրքի շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթներ ունեցան ՀՀ Իտալիոյ մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ծովինար Համբարձումեանը, Մոնթերոթոնտոյի մշակութային հարցերու յանձնաժողովի ղեկավար Մարիաննա Վալենթին, գիրքի հրատարակիչը Ֆրանքօ Էսփոզիթօ Սոէքարտին, եւ հատորին թարգմանիչ Մարիամ Երեմեանը։ Հանդիպումը համադրեց լրագրող Վերոնիք Վիրճիլիոն։

Գիրքի ներկայացումը եզրափակուեցաւ «Writer Monkey» թատերական ակումբի, հատորի բանաստեղծներու կեանքէն ու բանաստեղծութիւններէն ներշնչուած մէկ բեմադրութեամբ։

Բոլոր ներկաները մեծապէս գնահատեցին հանդիսութիւնը, որուն միջոցաւ կարելի եղաւ աւելի մօտէն ծանօթանալ հայկական մշակոյթին եւ արուեստին, բանաստեղծութեան ու բանաստեղծներու ընդմէջէն, ընդգծելով նաեւ թէ ան մաս կը կազմէ եւ խթան կը հանդիսանայ հայ - իտալական բարեկամութեան։

Աւարտին տեղի ունեցաւ հայկական ուտեստներով կոկիկ հիւրասիրութիւն։

«Վերածնունդ - 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989»
«Վերածնունդ - 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989»

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2024, 09:38