Որոնել

2024.02.13 Premio Bonifacio VIII all'Ambasciatrice Armena Hambartsumian

Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Ծովինար Համբարձումեան արժանացաւ Պոնիֆաչօ Ը - «Խաղաղութեան մշակոյթի» միջազգային մրցանակին

Դեսպան Համբարձումեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց. «Այս մրցանակը ինծի համար զուտ անձնական ճանաչում չէ, այլ՝ խաղաղութեան ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութեան խորհրդանիշ»։
Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ 10 փետրուար 2024ին Իտալիոյ Անանյի քաղաքին մէջ Պոնիֆաչօ Ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Պոնիֆաչօ Ը միջազգային մրցանակին բաշխման արարողութիւնը որուն արժանացաւ նաեւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Ծովինար Համբարձումեան։

Մրցանակը կը կրէ «..Խաղաղութեան մշակոյթի համար» խորագիրը։

Մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Անանյի քաղաքի Պապական պալատին մէջ որ այժմ կը ծառայէ որ քաղաքապետարան։

Պոնիֆաչօ Ը-ի անունը կրող այս մրցանակը տարիներու ընթացքին շնորհուած է տարբեր ականաւոր քաղաքական, կրօնական եւ հասարակական գործիչներուն եւ այս տարի բացի դեսպան Համբարձումեանէն ան շնորհուեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան երբեմնի Վերատեսուչ կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիին, Նախարարներու խորհրդի (վարչապետի աշխատակազմի) գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մարքօ Վիլլանիին եւ Իտալիոյ մօտ Լեհաստանի դեսպան Աննա Մարիա Անթերսիին։

Մրցանակը դեսպան Համբարձումեանին յանձնեց Պոնիֆաչիան ակադեմիայի ռեկտոր Սանթէ Տէ Անճելիսը։ Պարգևատրման արարողութեան նախորդեց Կարդինալ Ռավազիի՝ «Անհրաժեշտ մարդկայնութիւնը գիտութեան և նոր հաղորդակցութեան միջև» խորագրով դասախօսութիւնը, որուն յաջորդեցին պարգևատրուածներու ելոյթները։

Դեսպան Համբարձումեան
Դեսպան Համբարձումեան

Դեսպան Համբարձումեան իր ելոյթին մէջ երախտիքի խօսք յայտնեց իրեն այսպիսի բարձր պարգևի մը արժանացնելու համար, ներկայացուց ապա տարածաշրջանի իրավիճակը, Հայաստանի և Լեռնային Ղարաբաղի մարտահրաւէրները, Հայաստանի յանձնառութիւնը խաղաղութեան օրակարգին և շեշտաւորեց խաղաղութեան նշանակութիւնը ողջ Հարաւային Կովկասի համար։

Դեսպանը նշեց, որ 2020թ. Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի ոչ համարժէք դատապարտումն ու երկակի օրինաչափութիւնը դարձան աշխարհի հակամարտութիւններու տարածման պատճառ, որուն ականատես են բոլորը։ Ան ընդգծեց, որ անպատժելիութիւնը կը խրախուսում և կ՛օրինականացնէ է հետագայ բռնութիւնն ու նախայարձակումը՝ առ աւելիով հեռացնելով խաղաղութիւնը, որուն արդիւնքով Լեռնային Ղարաբաղը այժմ զրկուած է ահա իր բնիկ հայ բնակչութենէն եւ ոչնչացման վտանգուի տակ են անոր յուշարձաններն ու եկեղեցիները, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը:

Դեսպան Համբարձումեան իր ելոյթը աւարտեց ըսելով. «այս մրցանակն ինծի համար զուտ անձնական ճանաչում չէ, այլ՝ խաղաղութեան ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութեան խորհրդանիշ»։

Աղբիւրը` Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2024, 10:00