Որոնել

2023.12.26 Patriarca Maronita Card.Bechara Rai, Messa Natale 25 dicembre 2023, Bkerke - Libano

Մար Մարունի տօնին առիթով. «Հանրապետութեան Նախագահին բացակայութեան սահմանադրութիւնը կը պղծուի» շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որպէսզի ան կարենայ երկիրը դուրս բերել իր այլակերպուած իրավիճակէն, կարգաւորել սահմանադրական հաստատութիւնները` մասնաւորաբար դատական իշխանութիւնները, խորհրդարանն ու կառավարութիւնը, սկսի գործադրել բարեկարգումները, յատկապէս` տնտեսական մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ զսպէ փտածութիւնը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մար Մարունի տօնին առիթով նախագահեց Պէյրութի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին:

Այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան երկրին սահմանադրութիւնը կը պղծուի, եւ չկայ իշխանութիւն մը, որ վերջ մը դնէ այս այլափոխուած ճշմարտութեան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որպէսզի ան կարենայ երկիրը դուրս բերել իր այլակերպուած իրավիճակէն, կարգաւորել սահմանադրական հաստատութիւնները` մասնաւորաբար դատական իշխանութիւնները, խորհրդարանն ու կառավարութիւնը, սկսի գործադրել բարեկարգումները, յատկապէս` տնտեսական մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ զսպէ փտածութիւնը:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ձախողցնելու իմաստով իրենք կասկածներ ունին, որ այդ գործընթացը արգելակողները յետին նպատակներ կը հետապնդեն, եւ այդ նպատակները դատապարտելի են:

«Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ պայքարի այն երկիրներուն դիմաց, որոնք կ՛աշխատին պաղեստինցի գաղթականներն ու սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնել», շեշտեց ան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2024, 08:30