Ցեղասպանութեան թանգարանը նոր տնօրէն ունի՝ Էտիթա Գզոյեան
Փետրուար 12-ին կայացած «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին գաղտնի քուէարկութեամբ, միաձայն «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ»ի տնօրէն ընտրուած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու, 2013-2018 թուականներուն «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ»ի աւագ, 2018-էն առաջատար գիտաշխատող, 2018-է «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ»ի գիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Էտիթա Գագիկի Գզոյեանը։
Ռայմոնտ Գէորգեանի նախագահութեամբ կայացած նիստին ներկայ էին Հոգաբարձուներու խորհուրդի տասնհինգ անդամներէն տասը: Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները ծանօթացած են միակ թեկնածուի՝ պ.գ.թ. Էտիթա Գզոյեանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի զարգացման տեսլականին։
Էտիթա Գզոյեանը պատասխանած է նաեւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներու հարցերուն: Քննարկուած են նաեւ յընթացս հարցեր կապուած Հիմնադրամի գործունէութեան հետ:
Էտիթա Գզոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վստահութեան համար եւ ըսած, որ մեծ պատասխանատւութեամբ կը ստանձնէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնը:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ