Որոնել

Խաղաղապահներ մարկդային օգնութիւններ կը փոխադրեն Խաղաղապահներ մարկդային օգնութիւններ կը փոխադրեն 

Խաղաղապահներուն ժամկէտը կ՛աւարտի 2025ին. Պաքու

Խաղաղապահներուն տեղակայման ժամկէտին շուրջ Մոսկուայի եւ Պաքուի բանակցութիւններու յաջորդ փուլին պիտի որոշուի երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով:

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին` «Ատրպէյճանի մէջ» գտնուելու ժամկէտը կ՛աւարտի 2025ին, յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ` անդրադառնալով Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Էվտոքիմովի՝ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման ժամկէտին վերաբերող մեկնաբանութիւններուն:

Դեսպանը ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, որ խաղաղապահներուն տեղակայման ժամկէտին շուրջ Մոսկուայի եւ Պաքուի բանակցութիւններու յաջորդ փուլին պիտի որոշուի երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով:

«Անցեալ տարի, շրջանին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած հակաահաբեկչական քայլերէն ետք ի յայտ եկած է կանոնաւոր հանդիպումներու եւ քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը: Նկատի ունենալով որ հայկական ուժերը խաղաղապահներու տեղակայման գօտիին մէջ երեք տարուան մէջ լայնածաւալ ականապատում կատարած են, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով չպայթած զինամթերքի հարցը, կայ այդ սպառնալիքները վերացնելու համար միացեալ խորհրդակցութիւններու կարիք», աւելցուց Հաճիզատէ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 08:35