Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (19)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այս հաղորդումով եւս կը շարունակենք խօսիլ Մկրտիչ Խրիմեան՝ «Խրիմեան հայրիկ»ին մասին։ Այսօրուայ մեր հաղորդումը յատկացուցած ենք մասնաւորապէս Խրիմեան հայրիկի ստեղծած գործերուն։

Յարգելի ունկնդիրներ, այս հաղորդումով եւս կը շարունակենք խօսիլ Մկրտիչ Խրիմեան՝ «Խրիմեան հայրիկ»ին մասին։

Այսօրուայ մեր հաղորդումը յատկացուցած ենք մասնաւորապէս Խրիմեան հայրիկի ստեղծած գործերուն։

Բարի ունկնդրութիւն բոլորիդ։

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ի դէպ Խրիմեանի մասին անխառն հիացումով կ'արտայայտուին բոլոր անոնք որ ճանչցած են զինք: Այսպէս, Աւ. Ահարոնեան կը գրէ. «Խրիմեան - այս անօրինակ հոգեւորականը մեն-մենակ մի խորունկ խորհուրդ է: Նրա կեանքը, նիստ ու կացը, հագուելու, խօսելու եղանակը, նրա կերակուրներն անգամ՝ հռչակաւոր թանէ ապուրը անսահման ու երկիւղած հետաքրքրութեան նիւթ է: Նրա ամէն մի խօսքը՝ անքննադատելի ու վսեմ պատգամ»:

Շիրվանզադէ հետեւեալ բառերով կը ներկայացնէ Խրիմեանը.- «Չկար նրա համար ոչ իշխան, ոչ ծառայ, ոչ հարուստ, ոչ ալ աղքատ. ամէնքը միեւնոյն արժէքն ունէին նրա աչքում: Այդ տեսակէտից նա կատարեալ բանաստեղծ էր: Միայն մի բանի առաջ էր խոնարհում նրա անկախ ու հպարտ հոգին - ժողովուրդ»:

Իսկ հիմա ներկայացնենք Հայրիկի ստեղծած գործերը ՝

«Հրաւիրակ Արարատեան» (1850) երկարաշունչ քերթուած, գրաբար լեզուով։ Կը պատկերացնէ հայրենի հողին սէրը, մեր աւանդութեանց ու սրբութիւններուն հաւատքը:

«Հրաւիրակ երկրին Աւետեաց» (1851), դարձեալ գրաբար լեզուով գրուած երկարաշունչ քերթուած, որ կրօնական շունչով կը պատկերացնէ քրիստոնեայ վարդապետութեան բարոյական բարձր ըմբռնումները։

Այս երկու գործերուն մէջ զգալի է Մխիթարեաններու ազդեցութիւնը, մանաւանդ գրաբար լեզուի տեսակէտէն:

«Դրախտի ընտանիք» (1878), որ կը պարունակէ ընտանիքի գաղափարին պաշտպանութեան եւ կնոջ հաւասարութեան սկզբունքներուն նուիրուած խրատական գրութիւններ:

«Սիրաք եւ Սամուէլ» (1879) նոյնպէս բարոյական հարցեր եւ հօր ու զաւկի յարաբերութեանց առողջ սկզբունքներ շօշափող գործ մըն է։

«Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից» (1867) , «Յիսուսի վերջին շաբաթը», «Խաչի ճառ», «Ժամանակ եւ խորհուրդք իւր» (1876):

Կրօնական եւ փիլիսոփայական խորքով գրուած գործեր են։

Առաջինը Աւետարանի ուսուցումներուն բանաստեղծական ներկայացումն է։ Խրիմեան կը հաւատայ որ աշխարհի մեծագոյն մարգարիտը Աւետարանն է։ «Առանց Աւետարանի առաջնորդութեան ուղիղ ճանապարհ չկայ»։

«Խաչի ճառը» նոյն ոգիով գրուած, կրօնքը կը բացատրէ իմաստասիրական խորացումով։ Կը նկարագրէ չարչարանաց շաբաթը, մինչեւ խաչելութիւն. ապա կու տայ նաեւ Յարութեան եւ Համբարձման խորհուրդը։ «Մի փախչիք խաչէն, որովհետեւ այդ ճամբով է որ կը հասնինք լոյսին, յարութեան»:

Խրիմեան Հայրիկ յիշեալ գործերուն մէջ կ'աշխատի լուսաբանել մարդուն եւ Աստուծոյ, մարդուն եւ ընտանիքին յարաբերութիւնները։ Որպէս հաւատացեալ եկեղեցական նախախնամութեան ներկայութիւնը կը տեսնէ ամէն տեղ, սակայն կ'ընդունի նաեւ, թէ մարդ իրաւունք ունի գիտակցօրէն գործելու՝ Աստուծմէ ժառանգած իր բանականութեամբ։

«Հայ Գոյժ» եւ «Վան Գոյժ» (1877ին) երկու ողբեր են, որոնք կը պատկերացնեն թրքահայ կեանքի եւ Վանի աղէտները, ջարդերը, հայութիւնը մղելով ուժի պաշտամունքին, զէնքով պատասխանելու համար թուրք եւ քիւրտ սանձարձակ բարբարոսութեան.-

«Ով հայոց ողջ մնացած որդիներ, դեռ պիտի կոտորուի՞ք, դեռ պիտի մորթուի՞ ք: Դուք մարդ էք ու ձեռք եւ բազուկ ունէք... Միթէ՛ դու ցանկալի ազատութիւնը առանց զոհի եւ արեան, ձրի՞ ստանալ կ'ուզես» :

«Պապիկ եւ Թոռնիկ», իր վերջին գրուածքը, որ գլուխ-գործոցը կը նկատուի: Գրած է Երուսաղէմ աքսորուած շրջանին մեծ մասամբ: Հրատարակուած 1894ին Էջմիածնի տպարանէն: Իր այս գրքին մէջ Խրիմեան Հայրիկ հայրենի աշխարհը կը ներկայացնէ։ Պապիկը (Խրիմեան) կը խօսի թոռնիկին հետ, որուն կը փոխանցէ հայ հողին սէրը, ընտանեկան սրբութիւններուն պաշտամունքը եւ հայ աւանդութիւնները։

1929ին Նիւ-Եորքի մէջ հրատարակուեցաւ ստուար հատոր մը, որ կը պարփակէ Խրիմեան Հայրիկի ամբողջական գործը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2024, 08:04