Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (17)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուայ այս հաղորդումով նախ պիտի ներկայացնենք Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ստեղծած գրական-բանասիրական երկերը եւ ապա փորձենք լոյսին բերել մեծ հայուն գրական յատկանիշները հաւատալով, որ սոյն յայտագրի սահմանները շատ նեղ են անոր վաւերականութիւնը անգամ մը եւս լոյսին բերելու իմաստով։

 Սիրելի ունկնդիրներ, մեր անցեալ հաղորդումով ձեր թանկագին ուշադրութեան ներկայացուցինք հայ ժողովուրդի վաւերական դէմքերէն հանդիսացող ՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի կենսագրական գիծերը։

 Այսօրուայ այս հաղորդումով նախ  պիտի ներկայացնենք անոր  ստեղծած գրական-բանասիրական երկերը եւ ապա փորձենք լոյսին բերել մեծ հայուն գրական յատկանիշները հաւատալով, որ սոյն յայտագրի սահմանները շատ նեղ են անոր վաւերականութիւնը անգամ մը եւս լոյսին բերելու իմաստով։

 Բարի ունկնդրութիւն՝

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ալիշան արտադրած է վաթսուն հատորէ աւելի գործեր, որոնց կարեւոր մէկ մասն ալ տակաւին ձեռագիր կը մնայ :

Իր վաստակը կրնանք հետեւեալ գլխաւոր խումբերու բաժնել.-

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- Նուիրուած Հայաստանի զանազան գաւառներուն ու բնութեան.- «Այրարատ» (1890), «Շիրակ» (1881), «Սիսեան» (1885), «Սիսական» (1893), «Տեղեկագիր Հայոց Մեծաց» (1855), «Հայ բուսակ» (1895) եւ  այլ գործեր։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- Ինչպէս՝ «Յուշիկք հայրենեաց hայոց» (1869). անուանի է Ալիշանի այս արձակ աշխատութիւնը, որ կը ձգտի հայ պատանիներու սրտին մէջ հայրենասիրական ոգի արծարծելու՝ հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալի դրուագները պատմելով: «Հին hաւատք հայոց» (1895), «Արշալոյս Քրիստոնէութեան hայոց» (1901):

ԲԱՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- Ինչպէս՝ «Շնորհալի եւ պարագայ իւր», «Նշմարք եւ Նշխարք Հայաստանի» (1870):

ՔԵՐԹՈՂԱԿԱՆ ՀԱՏՈՐՆԵՐ.- Լոյս տեսած Նահապետ ստորագրութեամբ, «Բազմավէպ»ի մէջ, ապա հինգ առանձին հատորներով հրատարակուած «Նուագք» ընդհանուր խորագրին տակ: Այս քերթուածներուն մեծ մասը գրած է երիտասարդութեան տարիներուն, այսինքն մինչեւ 1852 թուականները։

«Նուագք»ները կը բաղկանան եօթը մասերէ հետեւեալ անուններով՝

ա.- Մանկունի (մանկական ապրումներ եւ յիշատակներ) - 1857.

բ.- Մաղթունի (մաղթանքներ եւ աղօթքներ) - 1857 .

 

գ.- Խոհունի (մտածումներ, խորհրդածութիւններ) - 1857.

դ.- Բնունի (բնութեան երգեր ու տպաւորութիւններ) - 1857

ե.- Հայրունի (հայրենասիրական ապրումներ) - 1858.

զ.- Տէրունի ( կրօնական ապրումներ) -1858.

Է.- Տխրունի (տրտում տրամադրութիւններ) -1858.

«Հայրունի»ներու շարքին մէջ կը գտնուին իր Նահապետի երգերը, որոնք գրուած են աշխարհիկ լեզուով եւ հայրենասիրական խոր ներշնչումով: Իր միւս բանաստեղծութիւնները գրաբար են։

 Վերադառնալով Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի գրական յատկանիշներուն, ապա պարտինք նշել, որ անոր ներշնչումի աղբիւրները եղած են հայրենիքը, բնութիւնը եւ կրօնքը։

Իր քերթողական թէ ուսումնասիրական պատկառելի վաստակով Հ. Ղ. Ալիշան մեր նոր գրականութեան առաջին շրջանի մեծագոյն դէմքերէն մէկն է անկասկած: Ինչպէս Խրիմեան Հայրիկ բուն Հայաստանի հողին վրայ, նոյնպէս եւ Ղ. Ալիշան Արեւմուտքի մէջ (Վենետիկ), դարձաւ հայրենասէր ու ներշնչեալ գրողի եւ կրօնաւորի տիպար մը։ Խրիմեան Հայրիկ, ազգային եկեղեցիի զաւակ, արձակագիր ու բանաստեղծ, բարձրացաւ մինչեւ կաթողիկոսական աթոռ: Հ. Ղ. Ալիշան, Մխիթարեան ուխտէն կաթողիկէ վարդապետ եւ խանդավառ հայրենասէր, մնաց միշտ պարզ վանական եւ հայութեան սրտերը նուաճեց իր գրուածքներուն տաք շունչով:

Ալիշանի մէջ կը գտնենք երկու անձ.- անխոնջ պրպտող եւ ուսումնասիրող բանասէրը եւ ներշնչուած բանաստեղծը։

Հ. Ղ. Ալիշան գերազանցօրէն բանաստեղծ հոգի մը ունի: Նոյնիսկ իր մեծահատոր պատմագիտական գրուածքներուն մէջ կը մնայ միշտ ոգեսլաց բանաստեղծ:

Մ. Պէշիկթաշլեանի նման, դժբախտաբար ինքն ալ իր քերթուածներուն մեծ մասը գրած է գրաբար եւ այդ իսկ պատճառով անոնք այժմ անմատչելի կը մնան մեր ժողովուրդին: Այսուհանդերձ «Նահապետի երգեր» անունը կրող 11 աշխարհաբար բանաստեղծութիւններով դարձած է շատ ժողովրդական: Այս շարքէն ծանօթ է «Շուշան Շաւարշանայ», «Պլպուլն Աւարայրի», «Հրազդան», «Հայոց Աշխարհիկ», եւայլն։

Հայաստանը, անոր անցեալը, անոր փառքերն ու տառապանքները լեցուցած են Ալիշանի գործը: Վշտահար Նահապետին համար հայրենիքը իր աւերեալ եւ գերեալ վիճակին մէջ իսկ սիրելի եւ անփոխարինելի է, որովհետեւ ինչպէս ինք կ'ըսէ՝

«Քանց օտար վարդ քաղցր է հայրենեաց փուշ»:

Ալիշանի հայրենասիրութիւնը կրօնական եւ քաղաքական տարրեր ունի իր մէջ։ Իրեն համար հայոց աշխարհը կրօնական մեծ աւանդութիւններու կեդրոն մըն է նախ - Ադամ, Եւա, Նոյ եւ Արարատ: Յետոյ քաջագործութեանց եւ ազգային աւանդութեանց աշխարհ մը - Հայկ, Տիգրան, Վարդան: Ալիշանի հայրենասիրութեան մէջ կը մտնէ նաեւ հայոց աշխարհի բնութիւնը, իր ջուրերով, ծաղիկներով, լեռներով եւ մաքուր օդով։

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած ազատագրական շարժումներն ու յեղափոխութիւնները կ'արձագանգեն իր մէջ եւ մտածել կու տան նաեւ Հայաստանի վերականգնումի մասին: Բայց աւելի խրատ եւ յորդոր կը կարդայ քան յեղափոխութեան շեփոր կը հնչեցնէ: Այս պատճառով, տակաւին շատ երիտասարդ, իր բանաստեղծութիւններուն մէջ կը ներկայանայ իբրեւ «Նահապետ» մը։

Կը հաւատայ որ Հայաստան կրնայ ոտքի կանգնիլ՝ նոր կորովով, սիրով, աշխատանքով ու քաջութեամբ։

Ունի երեւակայութեան թռիչք, քնքուշ զգացումներ եւ պատկերներու ճոխութիւն:

Ալիշանի աշխարհաբար լեզուն մօտէն կը յիշեցնէ միջնադարեան մեր աշխարհիկ բարբառը, գրաբար տարրերով խառնուած:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2024, 08:38