Որոնել

Միսաք Մանուշեանի Աճիւնները Ֆրանսայի Պանթէոնը Փոխադրուեցան Միսաք Մանուշեանի Աճիւնները Ֆրանսայի Պանթէոնը Փոխադրուեցան  

Միսաք Մանուշեանի աճիւնները Ֆրանսայի Պանթէոնը փոխադրուեցան

Ֆրանսայի ազատութեան համար իր կեանքը զոհաբերած, Դիմադրութեան շարժումի հայազգի հերոս Միսաք Մանուշեան՝ իր 23 ընկերներուն հետ գնդակահարուելէն ճիշդ 80 տարիներ ետք, իր կնոջ՝ Մելինէին հետ մուտք գործեց Պանթէոնը, ուր կը հանգչին Ֆրանսայի ՄԵԾԵՐԸ` Վիքթոր Հիւկօ, Ժան-Ժաք Ռուսօ, Մարի եւ Փիեռ Քիւրի, Էմիլ Զոլա, Ալեքսանտր Տիւմա, Ժան Մուլէն եւ քանի մը տասնեակ ուրիշներ
Ունկնդրէ լուրը

21 Փետրուար 2024ը պատմական օր մըն էր ֆրանսահայութեան կեանքին մէջ: 

Արդարեւ, Ֆրանսայի ազատութեան համար իր կեանքը զոհաբերած, Դիմադրութեան շարժումի հայազգի հերոս Միսաք Մանուշեան՝ իր 23 ընկերներուն հետ գնդակահարուելէն ճիշդ 80 տարիներ ետք, իր կնոջ՝ Մելինէին հետ մուտք գործեց Պանթէոնը, ուր կը հանգչին Ֆրանսայի ՄԵԾԵՐԸ` Վիքթոր Հիւկօ, Ժան-Ժաք Ռուսօ, Մարի եւ Փիեռ Քիւրի, Էմիլ Զոլա, Ալեքսանտր Տիւմա, Ժան Մուլէն եւ քանի մը տասնեակ ուրիշներ:

20 Փետրուարին, Մոն Վալերիէնի մէջ հսկումի արարողութիւն մը տեղի ունեցած էր, իսկ յաջորդ օրը տեղի ունեցաւ Մանուշեաններու Պանթէոն փոխադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողքին ներկայ էին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետերը՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Կապրիէլ Աթթալ, նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, նախարարներ, խորհրդարանականներ, դեսպաններ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ ստուար բազմութիւն մը:

Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու Ֆրանսայի դրօշով պատուած աճիւնները ուսամբարձ մուտք գործեցին Պանթէոնը: Փաթրիք Պրիւէլ խորապէս յուզուած՝ կարդաց Մանուշեանի՝ Մելինէին ուղղուած վերջին նամակը, բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեան մէկ առ մէկ նշեց Մանուշեանի եւ իր 23 զինակիցներուն անունները, որոնք զոհուեցան Ֆրանսայի ազատութեան համար, Opera Comique-ի տղաքը կատարեցին Շարլ Ազնաւուրի «Անոնք Ինկան» երգը, Իսկ Լէօ Ֆեռէի նշանաւոր «Կարմիր Որմազդը»՝ նոր մշակումով, ապրումներով մեկնաբանեց Feu! Chatterton խումբի երիտասարդ երգիչը՝ Արթիւր Թրեպուլ:

Այնուհետեւ Մաքրոն առաւել քան 1000 հրաւիրեալներու ներկայութեան արտասանեց պատմական ճառ մը, որուն մէջ ան, ի միջի այլոց, ըսաւ. «Այս ոդիսականը, Մանուշեանի եւ անոր բոլոր զինակիցներուն ոդիսականը, նաեւ մե՛րն է: Ազատութեան ոդիսականը եւ անոր մէջ Մանուշեանի բաժինը կը մնան մեր ազգի սիրտին մէջ: Ան որոշեց մեռնիլ մեր ազգին համար, որ մինչդեռ մերժած էր ամբողջովին ընդունիլ զինք: Հիմա, պահը՝ Դիմադրութեան մէջ անոնց բաժինի ճանաչման պահն է»:Մաքրոն ողջունեց «ազատ» մարդը, «բանաստեղծ մը», որ դարձաւ «շուքի մէջ գործող զինուոր մը»: Ան ներկայացուց Միսաք Մանուշեանի կեանքին յատկանշական պահերը՝ նշելով, որ ան «ընտրեց 18 տարեկանին հոս ոտք կոխել (Ֆրանսա գալ) ազատութեան մեծ երազանքով հարբած»:

Նախագահը անդրադարձաւ անոր՝ Հայաստանի փարումէն մինչեւ համայնավարութեան նուիրումին Ֆրանսայի մէջ, մինչեւ անոր սիրոյ պատմութեան՝ Մելինէի հետ: «Միսաք Մանուշեան որդեգրեց համայնավար գաղափարախօսութիւնը՝ համոզուած, որ Ֆրանսայի մէջ երբեք չեն յաջողած իրարմէ բաժնել Հանրապետութիւնը եւ Յեղափոխութիւնը: (…) Ան կ՛երազէր աշխարհի անիծեալներու համընդհանուր ազատագրման մասին: Այսպէս է, որ Համայնավարական միջազգայնականին մէջ ձեռնամուխ եղաւ ֆաշականութեան դէմ պայքարին», ըսաւ ան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2024, 08:40