Որոնել

>>>ANSA/ HAMAS PRONTO A RISPOSTA. ISRAELE, 'ACCORDO NON AD OGNI COSTO'

Իսրայէլի եւ «Միջազգային հանրութեան» միջեւ առկայ վիհը կը խորանայ

Կը նշուի նաեւ, որ Իսրայէլի ներկայ կառավարութիւնը «հեռու է Միացեալ Նահանգներու կամ արաբական երկիրներու ուզածին հետ համահունչ ըլլալէ», որ «պատերազմի արագ աւարտն է եւ պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծմանն ուղղուած վճռական քայլերու ձեռնարկումը»:

Ամերիկեան «Պլումպըրկ» գործակալութիւնը կը խօսի Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի աւարտի լոյսին տակ Իսրայէլի «Միջազգային հանրութեան» միջեւ «ընդլայնուող անջրպետ»ի մը մասին։ 

Աղբիւրը յայտնած է, որ Կազայի պատերազմին ընթացքը, եղած ծանր դէպքերը եւ ի մասնաւորի՝ Իսրայէլի ընդհանուր վարքը պատճառ դարձած են, որ առկայ տարաձայնութիւնները հետզհետէ աճին ու առկայ «խորքային բաժանում» ջուրի երես ելլելով դառնայ  ԶԼՄ-ներու մնայուն նիւթ եւ թեմա։

Նոյն ծիրէն ներս գործակալութիւնը նշած է, որ Իսրայէլի կառավարութեան երկու նախարարներ հրապարակայնօրէն «յարձակած են» ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վրայ, մասնաւորապէս՝ Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պըն Ղավիրը եւ ելեւմուտքի նախարար Պեզալել Սմոթրիչը եւ այս կատարած են ԱՄՆ-ի Իսրայէլի հանդէպ անվերապահ աջակցութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ։ 

«Պլումպըրկ»-ը քննարկած է Պըն Ղավիրի ըսածներէն մի քանին (Պըն Կըվիր խօսած էր ամերիկեան «The Wall Street Journal» թերթին), ուր ան մտավախութիւն յայտնած էր, որ ԱՄՆ ներկայիս նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը «վնաս կը հասցնէ Իսրայէլի պատերազմական ջանքերուն»՝ ընդգծելով, որ. նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը «աւելի ազատօրէն ձեռք կ՚երկարէր եւ նեցուկ ցոյց կու տար «Համաս»ը վերացնելու համար»:

Ինչ կը վերաբերի Սմոթրիչին, ան քննադատած է Պայտընը «Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի փոքր թիւով վերաբնակիչներու նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու համար», այն որակելով որպէս «հակահրէական»։

Մինչ Նաթանիահուն շնորհակալութիւն յայտնած էր Պայտընին 7 հոկտեմբերին Իսրայէլին աջակցելու համար, ան հրաժարած է քննադատելէ իր «կոշտ գիծի» նախարարները, որոնց կուսակցութիւնները «կը կազմեն իշխող դաշինքի մաս եւ առանցքային են անոր քաղաքական գոյատեւման համար», յայտնած է «Պլումպըրկ»-ը:

Այնուհետեւ, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, որ վերջերս հանդիպած էր Իսրայէլի կառավարութեան վարչապետին եւ այլ պաշտօնեաներու հետ, բաց կերպով քննադատած է Թէլ Աւիւը նշելով, որ ԱՄՆ- Իսրայէլ գիծին վրայ կան խորքային տարակարծութիւններ եւ այդ տարակարծութիւնները մարտավարական տեսակէտէ երեւցած տարբերութիւններ են։

 Նոյն աղբիւրը նշած է, որ Պլինքըն ըսած է, որ «Համաս» շարժման արձագանգը « տարածք կը ստեղծէ վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար, նոյնիսկ եթէ դեռ շատ բան կայ բանակցելու», ներառեալ հրադադարի տեւողութիւնը, ազատ արձակուելիք բանտարկեալներու թիւը, որոնք պիտի հեռացուին Կազայէն, եւ պաղեստինցի բանտարկեալներու թիւը, որոնք դուրս պիտի գան Իսրայէլի բանտերէն։

Միւս կողմէ, Նաթանիահու ըսած է, որ «պատրանք» կ՚ըլլայ ընդունիլ «Համաս»-ի պայմանները՝ խոստանալով շարունակել պայքարը մինչեւ այն «ոչնչացուի»։

 Կը նշուի նաեւ, որ Իսրայէլի ներկայ կառավարութիւնը «հեռու է Միացեալ Նահանգներու կամ արաբական երկիրներու ուզածին հետ համահունչ ըլլալէ», որ «պատերազմի արագ աւարտն է եւ պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծմանն ուղղուած վճռական քայլերու ձեռնարկումը»:

Այս բոլորի ներքոյ գործակալութիւնը եզրակացուցած է, որ մէկ կողմէ Իսրայէլի եւ միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու միջեւ անջրպետը «ներկայիս կը մեծնայ»։

Յատկանշական է, որ Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր սա առաջին անգամը չէ, որ ի յայտ կու գան ամերիկա-իսրայէլեան տարաձայնութիւնները, սակայն երկու կողմերուն միջեւ ակնյայտ տարաձայնութիւնները չեն յանգեցուցած ամերիկեան աջակցութեան կրճատման։ 

Ինչ կը վերաբերի Պայտընի կողմէ Յորդանան գետի արեւմտեան ափի վերաբնակիչներու նկատմամբ կիրառուող պատժամիջոցներուն, ապա ամերիկեան վարչակազմը քննարկած է Պըն Ղավիրի եւ Սմոթրիչի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու հարցը, սակայն, ի վերջոյ, որոշած է անոնց անունները հեռացնել «պատիժներու ցուցակ»էն եւ այդ մասին յայտնած են իսրայէլեան կարգ մը աղբիւրները։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2024, 08:20