Որոնել

2024.02.13   Festa di San Vartan a Aleppo

Վարդանանց Տօնը՝ Հալէպի մէջ. Ներկայ եղած են 3 համայնքապետերը

Հոգեւոր երեք պետերը Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան, Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան խօսք առնելով փոխանցեցին օրուան խորհուրդ֊բանին, կարեւորելով Վարդանանց յիշատակի նշանակումը քրիստոնեական եւ ազգային շրջագիծէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 11 Փետրուար 2024֊ին, երեկոյեան ժամը 5։00֊ին, նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն եւ հիւրընկալութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դեկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւն, Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիին մէջ։

Յիշատակումը սկիզբ առաւ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի պաշտամունքի կոչով, որմէ ետք ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը։ Յայտագիրը արտացոլեց օրուան խորհուրդը Հայ Աւետարանական Միացեալ երգչախումբի երգաշարներուն միջոցաւ, խմբավարութեամբ Յովիկ Օհանեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սերենա Սարգրսեանի։ Երգչախումբի անդամներէն Կարպիս Աւագեան եւ Արգինա Շէօհմէլեան մեկնաբանեցին 《 Գողթնի Քնարք》 եւ 《Լռեց》 մեներգները, իսկ Լոռի Մաթոսեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի 《Խորհուրդ Վարդանանց》 ոտանաւորը։

Հոգեւոր երեք պետերը Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեան, Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան խօսք առնելով փոխանցեցին օրուան խորհուրդ֊բանին, կարեւորելով Վարդանանց յիշատակի նշանակումը քրիստոնեական եւ ազգային շրջագիծէն ներս։

Հոգեւոր պետերը իրենց խօսքին ընդմէջէն կոչ ուղեցին նաեւ հաւատացեալներուն նորոգելու հաւատքի ուխտը, մեկնելով Սրբոց Վարդանանցի հաւատքէն մնալու հաւատարիմ Աստուծոյ եւ հայրենիքին ամէն գնով։ 

Միջոցառումը իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքով եւ երեք հոգւոր պետերու առաքելական օրհնութեամբ։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2024, 08:36