Որոնել

European Wrestling Championships 2024

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած են հայ ախոյանները

Արթուր Ալեքսանեանը լրագրողներու հետ զրոյցին խօսած է եզրափակիչ գօտեմարտի մասին, երբ Ռուսիոյ Դաշնութեան ներկայացուցիչ Մակոմետ Մուրթազալիեւը կրցած է երկու միաւոր վաստակիլ։

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ծափերով ու դափնեպսակներով դիմաւորած են Եւրոպայի առաջնութեան եօթակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը, եռակի ախոյեան Մալխաս Ամոյեանը եւ պրոնզէ մետալակիր Մանուէլ Խաչատրեանը, գրած է «Sputnik Արմենիա»ն։

Արթուր Ալեքսանեանը լրագրողներու հետ զրոյցին խօսած է եզրափակիչ գօտեմարտի մասին, երբ Ռուսիոյ Դաշնութեան ներկայացուցիչ Մակոմետ Մուրթազալիեւը կրցած է երկու միաւոր վաստակիլ։

«Գիտէի, որ հենց առաջին րոպէից յարձակուելու է, պատրաստ էի, ուղղակի այդ հնարքին չէին սպասում,– ասաց հայ ըմբիշը եւ յաւելեց,– ամէն չեմպիոնութիւնն իր տեղն ունի, ամէն չեմպիոնութեան համար տանջւում ենք, մարզւում, ամէն չեմպիոնութիւն իր գինն ունի»։

Ան շեշտած է, որ Եւրոպայի ախոյեան դառնալը հեշտ չէ։

«Զգում եմ, որ տարեցտարի բոլորը հիմնականում իմ դէմ են պատրաստւում, գնալով աւելի է դժուարանում, բայց, փառք Աստծոյ, ինձ մօտ ստացւում է»,– նշած է Ալեքսանեանը։

Յառաջիկային ողիմպիական խաղերն են, անկէ ետք պարզ կ՚ըլլայ` ան կը պատրաստուի Եւրոպայի ութերորդ ախոյանութեան համար, թէ ոչ։

Մալխաս Ամոյեանն ալ խոստովանած է, որ շատ դժուարութեամբ վաստակած է երրորդ ախոյեանութիւնը։

«Մի լաւ խօսք կայ`առաջինը դժուար է, այն պահելը`է՛լ աւելի դժուար։ Բայց մարզիչների շնորհիւ կարողացայ ճիշդ գօտեմարտեր անցկացնել եւ յաղթանակի հասնել»,– նշած է մարզիկը։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2024, 08:17