Որոնել

Արցախի եւ Ատրպէճանի միջեւ ռմբակոծում Արցախի եւ Ատրպէճանի միջեւ ռմբակոծում  (ANSA)

Անցեալ սեպտեմբերի մարտական գործողութիւններուն պատճառով 181 զինուորներ կը նկատուին զոհուած, եւ 11 ուրիշներ` անյայտ կորսուած

19էն 20 Սեպտեմբերին, Արցախի մէջ ծաւալած մարտական գործողութիւններուն պատճառով, 181 զինուորներ կը նկատուին զոհուած, եւ 11 ուրիշներ՝ անյայտ կորսուած։

19էն 20 Սեպտեմբերին, Արցախի մէջ ծաւալած մարտական գործողութիւններուն պատճառով, 181 զինուորներ կը նկատուին զոհուած, եւ 11 ուրիշներ՝ անյայտ կորսուած։

«Զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամ»էն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ արդէն հատուցում տրամադրուած է 12 շահառուներու: Յառաջիկային եւս 52 շահառուներ պիտի ստանան 5 կամ 10 միլիոն դրամի միանուագ հատուցումներ»։

«Դիմումները պաշտպանութեան նախարարութիւնից ստանալուց յետոյ հնարաւորինս արագ հատուցումներ կը տրամադրեն ապահովագրութեան իրաւունք ունեցող բոլոր շահառուներին», հաստատեց հիմնադրամը:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2024, 08:24