Որոնել

2023.07.27 Artsakh - Croce Rossa internazionale

Հայաստանէն 303 անձեր տակաւին անյայտ կորսուած կը նկատուին

«2023ին 62 ընտանիքներ դիմեցին մեզի` իրենց անյայտ կորսուած հարազատներուն համար որոնման դիմումներ ներկայացնելու նպատակով։ 12 ընտանիքներու հարազատներուն ճակատագիրը կարելի եղած է բացայայտել», կ՛ըսուի Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։

2020-2022, հակամարտութեան  սրացումներուն պատճառով, Հայաստանէն 303 անձեր տակաւին անյայտ կորսուած կը նկատուին։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն:

«2023ին 62 ընտանիքներ դիմեցին մեզի` իրենց անյայտ կորսուած հարազատներուն համար որոնման դիմումներ ներկայացնելու նպատակով։ 12 ընտանիքներու հարազատներուն ճակատագիրը կարելի եղած է բացայայտել», կ՛ըսուի Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2024, 08:15