Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT

Ֆրանսա, Գերմանիա Եւ Լեհաստան Կոչ Կ՛ուղղեն՝ Հարաւային Կովկասի Մէջ

Ֆրանսիայի, Գերմանիայի եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարները կոչ ուղղեցին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք արդար եւ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու Հարաւային Կովկասի մէջ եւ կ՛աջակցինք Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերուն, որոնց նպատակն է՝ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան ծաւալման», 12 Փետրուարին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ բանակցութիւններուն աւարտին որդեգրուած յայտարարութեան մէջ ընդգծեցին Ստեֆան Սեժուրնէ, Աննալենա Պերպոք եւ Ռատոսլաւ Սիքորսքի:

«Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը Հարաւային Կովկասի պետութիւններու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան», կ՛ըսուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2024, 07:51