Որոնել

Լոզանի լիճը Լոզանի լիճը  (AFP or licensors)

ԼՈԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ - Հաղորդաշար (1)

2023 Սեպտեմբերին, ամբողջացաւ Լոզանի տխրահռչակ դաշնագրի 100֊ամեակը։ Պայմանագիր, որու դառը հետեւանքները ցարդ կը կրենք։ Պատմութեան այդ ամենամռայլ ժամանակահատուածի դէպքերէն խուսաբելու եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու միտումով` փորձեցինք հետեւեալ հաղորդաշարով լուսարձակի տակ առնել տուեալ ժամանակաշրջանի պատմական դէպքերը եւ հայու հանդէպ կատարուած խարդաւանքները։

Պատրաստեց Սօսէ Փիլաւճեան

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Առաջին Հաղորդում

1923֊ին, Լոզանի դաշնագրով հայերուս հանդէպ կանխամտածուած բնաջնջումի ծրագիրը իրագործուեցաւ։

Կազմակերպուած ձեւով հայերու կոտորածները, որոնք 19֊րդ դարուն սկիզբ առին, շարունակուելով հասան 20֊րդ դարասկիզբին, երբ Սուլթան Ապտուլ Համիտին գահընկեց ըրած իթթիհատականները իրենց "ուժերով" կազմակերպեցին Ատանայի կոտորածները, զոր արիւնարբու Սուլթանին գահընկեցութենէն ետք  սանձազերծուած առաջին լայնածաւալ կոտորածն էր, զոր տեղի ունեցաւ 1909֊ին։

Իթթիհատականները, որոնք 10 Յունիս 1908֊ին "Ազատութիւն եւ հաւասարութիւն" լօզունգներու ներքոյ` կայսրութեան ժողովուրդները ոգեւորելով տիրացած էին իշխանութեան եւ ձեւացած` որպէս ժողովուրդներու Եղբայրութեան ջատագովներ, քիչ ժամանակ անց կազմակերպեցին Ատանայի կոտորածը։

Կոտորածը երկու փուլով ընթացաւ` Ապրիլի 1֊էն 4֊ը։ Յարձակումը կատարուեցաւ իշխանութեան օժանդակութեամբ, զոր իր զինանոցը բացած էր խուժաններուն առջեւ։ Սկիզբը հայերը կազմակերպուած ձեւով կը պաշտպանուին եւ ետ կը մղեն խուժանը։ Ապա Անգլիոյ հիւպատոսութեան միջամտութեամբ զինադադար կը կնքուի. Սակայն զինադադարէն եւ հայերու զինաթափութենէն ետք կը սկսի երկրորդ` աւելի դաժան կոտորածը։ Հազարաւոր հայեր, ովքեր այդ ընթացքին զէնքերը վար դրած էին, կը սպաննուին եւ ողջ֊ողջ կը հրկիզուին։ Առաջին եւ երկրորդ փուլերու միջեւ մօտ 30000 զոհ կ'արձանագրուի։

Իսկ ի՞նչու յատկապէս Ատանան ընտրուեցաւ անխնայ կոտորած իրագործելու որպէս վայր, երբ ան աշխարհագրականօրէն բարձր դիրք կը գրաւէր եւ անջատ էր հայկական միւս գաւառներէն, ինչպէս նաեւ հեռու պատերազմական բոլոր բեմերէն։

Ատանան կ'ընդգրկէր ամբողջ բարձրագոյն Կիլիկիան, անոր սահմանները կը տարածուէին Արեւմտեան Կիլիկիայի  հետեւեալ քաղաքները` Թարսուս, Մերսին, Սիս, Անաւարզա, Հաճըն, Սէլէոս եւ ուրիշ քաղաքներ։ Բազմազգ Ատանայի մէջ, հայերն ունէին ծաղկուն գիւղեր եւ բարգաւաճող տնտեսութիւն, զոր նախանձի եւ ատելութեան առիթ հանդիսացաւ տեղւոյն թուրք ազգայնամոլներուն կողմէ։

Եւրոպական մեծ տէրութիւնները, որոնց նաւերը խարիսխուած էին Ատանայի կողքի Մերսինի նաւահանգիստին մէջ, միջամտելու հրաման չէին արձակեր։ Եւրոպայի անտարբերութիւնը մէկ անգամ եւս նպաստեց ապագայ կոտորածներու իրականացումին։

Այս առիթով, Ֆրանսայի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Stephen Pichon- 17 Մայիս 1909֊ին, Ֆրանսայի խորհրդարանին կը զեկուցէ, ըսելով "Յարձակումներու առաջքը առնելու նպատակաւ գործուղուած զօրամասերը, իրենք եւս մասնակից եղած են հայերու ջարդին"։

Իսկ յաջորդ օրը Փարիզի Օսմանեան դեսպանատան թերթերուն տուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ սպաննուած են ընդամենը 4000 հայեր։

Անկասկած Ատանայի կոտորածը նախափորձը դարձաւ երիտ թուրքերու համաթուրանական քաղաքականութեան։ Կայսրութեան ղեկին գտնուող ռազմական երեակը` Թալիաթ, Ճեմալ եւ Էնվէր, որոնք Պալքանեան ճակատէն կրած պարտութիւնները կ'ուզէին փոխհատուցել հայկական շրջանները հայաթափելով եւ հայկական հարցը ցեղասպանութեան միջոցաւ հիմնայատակ կործանելով։ Միաժամանակ թուրք֊Գերմանական կապերը կը խորանային, զոր 2 Օգոստոս 1914֊ին վերածուեցան դաշինքի եւ որոնց հետագային միացաւ նաեւ Աւստրիան։ Այս դաշինքները թուրքերը օգտագործեցին ներքին գործողութիւն մը իրականացնելու, այն է` Օսմանեան կայսրութեան էթնիկ կառոյցը միատարր դարձնելու, որուն համար անհրաժեշտութեան պարագային դաշնակիցներու օժանդակութիւնը պիտի ստանային։ Այս վստահութիւնը արտացոլուեցաւ Վիլհելմի տուած հրամաններուն մէջ, ուր ան կը հրամայէր իր արտաքին գերատեսչութիւններուն անտեսել հայերուն կոտորածները եւ նոյնիսկ պաշտօնապէս ժխտել զայն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2024, 08:15