Որոնել

FBL-ITA-SERIEA-INTER-LECCE

Հենրիկ Մխիթարեան՝ Հայաստանի 2023ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը յայտարարեց Հայաստանի 2023ի լաւագոյն ֆութպոլիստներու քուէարկութեան արդիւնքները:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Իտալիոյ «Ինթեր Միլան» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան 81 կէտեր հաւաքելով՝ ընտրուած է լաւագոյն ֆութպոլիստ:

Երկրորդ դիրքը գրաւած է Ռուսիոյ «Կրասնոտար» ակումբի միջնապահ Էդուարդ Սփերձեան՝ 48 կէտերով:

21 կէտերով երրորդ դիրքը գրաւեց Սէուտական Արաբիոյ «Ֆաթեհ» ակումբի յառաջապահ Լուքաս Զելարայեան: 

Առաջին դիրքը գրաւող մարզիկը կը ստանայ ոսկի գնդակ մրցանակը, ինչպէս նաեւ 4 միլիոն դրամ, 2րդ դիրքը գրաւողը՝ արծաթէ գնդակ մրցանակը եւ 3 միլիոն դրամ, մինչ 3րդ դիրքը գրաւողը՝ պրոնզէ գնդակ մրցանակ մը եւ 2 միլիոն դրամ:

Նշենք, որ անցնող շաբաթավերջին, Մխիթարեան մինչեւ 2026 երկարաձգեց «Ինթեր»էն խաղալու իր համաձայնութիւնը։ 

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2024, 07:42