Որոնել

Համահայկական Հաւաքներ Եւրոպայի մէջ Համահայկական Հաւաքներ Եւրոպայի մէջ 

«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժումը Եւրոպայի տարածքին պիտի կազմակերպէ Արցախի ի Նպաստ Համահայկական Հաւաքներ

«Եւրոպացիները յանուն Արցախիե շարժումը համաեւրոպական համագործակցային հարթակ է, որ կը միաւորէ հայ համայնքի ներկայացուցչական մարմինները եւրոպական 15 երկիրներու մէջ։ Հարթակի առաջին նախաձեռնութիւնը նամակ էր՝ ուղղուած Եւրոպական Միութեան, Եւրոպայի Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ԵՄ անդամ պետութիւններու ղեկավար անձանց՝ արցախահայութեան աջակցելու յորդորով, զոր ստորագրած էին աւելի քան 500 եւրոպական կազմակերպութիւններ։

Ի աջակցութիւն Արցախի՝ եւրոպական տասնչորս երկիրներու աւելի քան յիսուն քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենան տարբեր միջոցառումներ, մասնաւորապէս՝ Աւստրիոյ, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի, Չեխիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Յունաստանի, Հռոմի, Սպանիոյ, Շուէտի, Զուիցերիոյ, Հոլանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ:

Եւրոպայի հայութիւնը, ինչպէս նաեւ տասնեակ եւրոպական կազմակերպութիւններ, Յունուար 27-28 հաւաքներու եւ զանազան միջոցառումներու միջոցաւ, իրենց կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ համաեւրոպական ղեկավար կառոյցներուն պիտի յորդորեն՝

1. Յստակօրէն դատապարտել Արցախի հայութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ կիրառուած էթնիկ զտումներու եւ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։

2. Անհատական պատժամիջոցներ սահմանել Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ, որ պատասխանատու է Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակման, հրադադարի խախտումներուն, Սեպտեմբեր 19-20-ի յարձակման եւ Արցախի մէջ իրականացուցած էթնիկ զտման համար։

3. Օգտագործել առկայ բոլոր լծակները՝ ստիպելու Ատրպէյճանի անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել 2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-էն սկսեալ ձերբակալուած բոլոր հայ ռազմագերիները, քաղաքացիական պատանդները, ինչպէս նաեւ 2023 թուականի Սեպտեմբերէն ի վեր առեւանգուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։

4. Նպաստել միջազգային անվտանգային շօշափելի երաշխիքներու տրամադրման` արցախահայութեան, հնարաւորութիւն տալով օգտուելու հայրենիք վերադառնալու անքակտելի իրաւունքէն, Արցախի տրամադրել միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ինքնակառավարման կարգավիճակ։

5. Արդիւնաւէտ ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի վրայ՝ բացառելու Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ յարձակողապաշտ որեւէ դրսեւորում եւ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը վտանգող որեւէ գործողութիւն։

6. Հայաստանի տրամադրել համապատասխան օգնութիւն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան կարիքները պատշաճ կերպով հոգալու համար:

«եւրոպացիները յանուն Արցախիե հարթակին մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ հասանելի են հետեւեալ յղումներով՝

europeansforartsakh.eu

https://www.facebook.com/people/Europeans-For-Artsakh/61550123050905

«Եւրոպացիները յանուն Արցախիե շարժումը համաեւրոպական համագործակցային հարթակ է, որ կը միաւորէ հայ համայնքի ներկայացուցչական մարմինները եւրոպական 15 երկիրներու մէջ։ Հարթակի առաջին նախաձեռնութիւնը նամակ էր՝ ուղղուած Եւրոպական Միութեան, Եւրոպայի Խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ԵՄ անդամ պետութիւններու ղեկավար անձանց՝ արցախահայութեան աջակցելու յորդորով, զոր ստորագրած էին աւելի քան 500 եւրոպական կազմակերպութիւններ։ Հարթակին առաքելութիւնն է համախմբել եւրոպական երկիրներու քաղաքացիները՝ աջակցելու արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու իրացման, միաժամանակ բարձրացնել Եւրոպայի քաղաքական, սոցիալական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ այս խնդրին վերաբերեալ իրազեկուածութիւնը:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 07:59