Որոնել

Երուսաղեմի մէջ յարձկաումները Պատրիարքարանի կալուածնեդուն դիմաց Երուսաղեմի մէջ յարձկաումները Պատրիարքարանի կալուածնեդուն դիմաց 

Երկու կաթողիկոսները դատապարտեցին Երուսաղէմի մէջ Հայութեան վրայ եղած յարձակումը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը առանձին յայտարարութիւններով դատապարտեցին շուրջ 30 անձերէ բաղկացած խումբ մը անծանօթ մարդոց կողմէ Երուսաղէմի պատրիարքարանի միաբանութեան ու պաշտօնէութեան վրայ եղած յարձակումը՝ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն «Կովերու պարտէզ»ին գծով պատրիարքարանին առած իրաւական քայլերուն։

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը առանձին յայտարարութիւններով դատապարտեցին շուրջ 30 անձերէ բաղկացած խումբ մը անծանօթ մարդոց կողմէ Երուսաղէմի պատրիարքարանի միաբանութեան ու պաշտօնէութեան վրայ եղած յարձակումը՝ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն «Կովերու պարտէզ»ին գծով պատրիարքարանին առած իրաւական քայլերուն։

«Խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին պատկանող «Կովերի պարտէզ» կալուածքի շուրջ շարունակուող սադրիչ գործողութիւնների մասին: Ակնյայտ է, որ սադրիչները հերթական անգամ փորձում են ահաբեկութեան, սպառնալիքների ու բռնի գործողութիւնների միջոցով հասնել «Կովերի պարտէզ» կալուածքի իւրացմանը` ոտնահարելով օրէնքով սահմանուած ընթացակարգերը: Խստօրէն դատապարտելով կատարուածը` յոյս ենք յայտնում, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները իրաւաչափօրէն կ՛արձագանգեն Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքի նկատմամբ դրսեւորուած յանցաւոր գործողութիւններին, պատասխանատուութեան կ’ենթարկուեն մեղաւորները եւ կը բացառուի նմանօրինակ դէպքերի կրկնութիւնը: Մեր զօրակցութիւնն ենք յայտնում Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեանը եւ հայ համայնքին` հայցելով Տիրոջ օգնականութիւնը», կ՛ըսուի Մայր Աթոռի յայտարարութեան մէջ:

Մեծի Տանն կաթողիկոսութեան կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Ժընեւի եւ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) պատասխանատուներուն ճամբով մօտէն կը հետեւի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին շուրջ ստեղծուած մտահոգիչ կացութեան։

«Ինչպէս միշտ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին եւ կոչ կ՛ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ զօրավիգ կանգնելու պատրիարքութեան իրաւունքներուն եւ ապահովութեան», կը նշուի Մեծի Տանն կաթողիկոսութեան վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2023, 08:46