Որոնել

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ ցնցիչ ահաբեկչութիւն Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ ցնցիչ ահաբեկչութիւն   (ANSA)

Փրակայի ահաբեկչութեան զոհերուն թիւը հասաւ 15-ի

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ ցնցիչ ահաբեկչութիւն մը տեղի ունեցած է։ Անծանօթ յանցագործ մը կրակ բացած է Փրակայի «Քառլի» համալսարանին մէջ՝ սպաննելով 10 անձ։

Առնուազն 15 մարդ զոհուած է, յարձակողը սպանուած է Փրակայի Չարլզի համալսարանի շէնքերէն մէկուն մէջ հրաձգութեան հետեւանքով:

Այս մասին BBC-ի հաղորդմամբ յայտնած են Չեխիոյ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները:

Վիրաւորուած է մօտ 3 տասնեակ մարդ։

Առնուազն 9 մարդ ծանր վնասուածքներ ստացած է, 5՝ միջին ծանրութեան, մինչեւ 10-ը՝ թեթեւ վնասուածքներ:

Յիշեցնենք, որ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ ցնցիչ ահաբեկչութիւն մը տեղի ունեցած է։ Անծանօթ յանցագործ մը կրակ բացած է Փրակայի «Քառլի» համալսարանին մէջ՝ սպաննելով 10 անձ։

Դէպքին դրդապատճառները տակաւին յայտնի չեն, իսկ ահաբեկիչը վնասազերծուած է։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2023, 09:18