Որոնել

նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի  գրասենեակը նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը  (©Lewis Tse Pui Lung - stock.adobe.com)

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադար հաստատելու կոչ ուղղող բանաձեւ մը որդեգրեց

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը նաեւ պահանջեց անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր գերիները, ինչպէս նաեւ պահանջեց, որ կռուող երկու կողմերը յարգեն միջազգային օրէնքը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններու պաշտպանութեան:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ պատերազմը: Բանաձեւին թեր քուէարկեց ՄԱԿ-ի անդամ 193 երկիրներու երեք քառորդը:

Ուաշինկթըն փորձեց բարեփոխել բանաձեւի բովանդակութիւնը եւ դատապարտել «այն քստմնելի ահաբեկչական յարձակումները, որոնք Համաս կը շղթայազերծէ… եւ պատանդներ վերցնելը»: Աւստրիա իր կարգին փորձեց Համասի մօտ կալանաւորուած գերիները մատնանշող բարեփոխում մը կատարել, սակայն երկու փորձերն ալ որդեգրուելու համար անհրաժեշտ քուէներուն երկու երրորդը չապահովեցին:

ՄԱԿ-ի մօտ Փաքիստանի դեսպան Մունիր Աքրամ դէմ արտայայտուեցաւ Համասը մատնանշող բարեփոխման երկու առաջարկներուն` յայտնելով, որ որեւէ մեղադրանք «պէտք է երկու կողմերուն եւ մասնաւորաբար Իսրայէլին ուղղուի»:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը նաեւ պահանջեց անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր գերիները, ինչպէս նաեւ պահանջեց, որ կռուող երկու կողմերը յարգեն միջազգային օրէնքը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններու պաշտպանութեան:

Բանաձեւը որդեգրուեցաւ 153 թեր, 9 դէմ եւ 23 ձեռնպահ քուէներով:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շաբաթ, 9 դեկտեմբերի երեկոյեան 2-րդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատում պահանջող նախագիծ որդեգրել, երբ Միացեալ Նահանգներ այդ որոշումին դէմ օգտագործեցին իրենց վեթոյի իրաւունքը, իսկ Բրիտանիա մնաց ձեռնպահ, մինչ մնացեալ բոլոր անդամները թեր քուէարկեցին:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը ողջունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի որոշումը: ՄԱԿ-ի մօտ Պաղեստինի դեսպան Ռիատ Մանսուր որոշումը «պատմական օր» որակեց:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Իսրայէլ կը սկսի կորսնցնել միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը իր անկանոն ռմբակոծումներուն պատճառով, որոնց պատճառով հազարաւոր պաղեստինցիներ զոհուած են:

«Անոնք կը սկսին կորսնցնել այդ աջակցութիւնը», քարոզարշաւի ժամանակ ըսաւ Պայտըն` աւելցնելով. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պաղեստինեւիսրայէլեան երկարատեւ տագնապին լուծում գտնելու համար պէտք է փոխէ իր կարծր դիրքորոշում ունեցող կառավարութիւնը»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը նշեց, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւններով Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարակարծութիւնը բացայայտ դարձաւ»` աւելցնելով. «Պայտընի յայտարարութիւնները հոկտեմբերի յարձակումէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու` Իսրայէլի նկատմամբ օգտագործած հռետորաբանութեան մեծագոյն փոփոխութիւնը կը ներկայացնեն»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը իսրայէլեան կառավարութենէն Պաղեստինեան իշխանութեան նկատմամբ հիասթափեցնող յայտարարութիւններ եւ կեցուածքներ կը լսէ, ինչ որ ամերիկացիներուն մօտ մտավախութիւն կը յառաջացնէ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի վարչապետի` ի տարբերութիւն ամերիկեան վարչակազմի կեցուածքին, Պաղեստինեան իշխանութիւնը Կազայի մէջ իբրեւ լուծում ընդունիլ մերժելը, պատերազմի յաջորդ օրը տեղի ունենալիքը քննարկել մերժելը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան կառավարութեան ծայրայեղ աջակողմեան նախարարներու Կազայի մէջ բնակեցման վերաբերեալ յայտարարութիւնները Պայտընի վարչակազմը կը մղեն Նեթանիահուի կառավարութեան հետ բուռն դիմակայութեան ուղիով ընթանալու:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներուն նամակներ յղուած են, թէ բոլոր պաղեստինցիներուն Կազա անմիջական վերադարձը պիտի չարտօնուի, այլ վերադարձի հանգրուանային եւ երկարատեւ հոլովոյթ մը տեղի պիտի ունենայ, «եւ մենք պիտի որոշենք ո՛վ հիւսիս պիտի վերադառնայ, ո՛վ` ոչ, որպէսզի վստահ ըլլանք, որ այդտեղ խափանարարներ չկան»:

Նեթանիահու երեքշաբթի երեկոյեան յայտարարած էր. «Ուաշինկթընի հետ պատերազմին յաջորդող օրուան շուրջ տարակարծութիւն ունինք, եւ Իսրայէլի` Օսլոյի սխալին վերադառնալը պիտի չարտօնեմ»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի Ապտալլա Բ. թագաւորի Մատրիտ այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սպանիոյ արտաքին, Եւրոպական Միութեան եւ գործակցութեան հարցերով նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարեսի հետ: Անոնք շեշտեցին Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, բաւարարաչափ ու յարատեւ մարդասիրական օժանդակութիւն Կազա մտցնելու կարեւորութիւնը:

Սաֆատի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ազդու եւ անմիջական քայլեր որդեգրէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու համար:

Յորդանանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ այդ վայրագ եւ վրէժխնդրական յարձակումը արտացոլացումն է իսրայէլեան ծայրայեղական քաղաքականութեան, որ կը դրժէ պաղեստինցի ժողովուրդի մարդկութիւնը եւ անոր ազատ ըլլալու ու անկախ պետութիւն ունենալու իրաւունքը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիան համաձայն պիտի չգտնուի Միջին Արեւելքի մէջ լուծման համաձայնութիւններու, որոնք կը վնասեն Իսրայէլի անվտանգութեան եւ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման կէտը չեն ընդգրկեր:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը նշեց. «Իսրայէլ պատերազմական վիճակի մէջ է, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր վերընտրութեան քարոզարշաւին կը նախաձեռնէ»:

«Նեթանիահուն, հարցախոյզերու մէջ իր ժողովրդականութեան անկումէն ետք, կը յուսայ իսրայէլացիներու ցնցումն ու զայրոյթը օգտագործել իր ընտրական կարիքները բաւարարելու համար», յայտնեց «Հաարեց»` աւելցնելով. «Իսրայէլացիները Նեթանիահուէն զզուած են, սակայն ան պատերազմի ժամանակ իշխանութեան կը կառչի, երկիրը կը պառակտէ եւ Ուաշինկթընի հետ դաշինքը կը վտանգէ»:

Միւս կողմէ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը սկսած է ծովու ջուրով հեղեղել Կազայի մէջ Համասի ստորգետնեայ փապուղիները:

«Փապուղիները Միջերկրական ծովու ջուրով ողողելու փորձերը սկզբնական փուլի մէջ են», նշուած է օրաթերթին մէջ:

Ամերիկացի պաշտօնատարներու կարծիքով` փապուղիներու ամբողջական ողողման համար կրնայ քանի մը շաբաթ պահանջուիլ: Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլը նոյեմբերին այդ նպատակով հինգ մղիչ տեղադրած է, որմէ ետք անոնց վրայ աւելցուած է եւս երկու մղիչ, եւ քանի մը փորձարկում կատարուած է:

Նոյն ատեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի որոշ պաշտօնատարներ մտահոգութիւն յայտնած են, որ ծովու ջուրի օգտագործումը կրնայ անարդիւնաւէտ ըլլալ եւ ազդել Կազայի մէջ անուշ ջուրի պաշարներուն վրայ: Շարք մը պաշտօնատարներ ալ կը կարծեն, որ այս միջոցը կրնայ օգնել ոչնչացնելու փապուղային համակարգի մէկ մասը:

Իսրայէլեան պատերազմական խորհուրդի անդամ Պենի Կանց երէկ յայտնեց. «Գոյատեւման երկրորդ պատերազմը, զոր կը մղենք, մեզի շատ սուղ, ցաւալի եւ դժուար գին կ՛արժէ»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2023, 08:50