Որոնել

Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ  (AHMED ZAKOT)

Կազայի մէջ 600 հազար մարդու տարհանման հրամանը խուճապ ու վախ առաջացուցած է

Հիւսիսային շրջանը բնակող մօտ 250 հազար մարդու համար սա երկրորդ տեղահանումն է։

Կազայի հատուածէն աւելի քան 600 հազար մարդու տարհանման հրաման տրուած է. նոր հրամանը խուճապ ու վախ  առաջացուցած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՄԱԿ-ի`պաղեստինցի փախստականներու օգնութեամբ զբաղող գործակալութիւնը։

«Հիւսիսային շրջանը բնակող մօտ 250 հազար մարդու համար սա երկրորդ տեղահանումն է։ Տարհանման հրամանը խուճապ, վախ եւ անհանգստութիւն առաջացուցած է Կազայի բնակիչներու շրջանին. շատերն արդէն քանի մը անգամ ստիպուած եղած են տարհանուիլ պատերազմի ընթացքին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գործակալութիւնը նշած է, որ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն ռմբակոծութիւնները, իսկ զոհերու թիւը սրընթաց կ՚աճի։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2023, 08:28