Որոնել

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարան Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարան 

Եւրոպական Միութիւնը 205,5 միլիոն Եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրեց Լիբանանին

Եւրոպական Միութիւնը հաստատեց, որ այդ գումարը տրամադրուած է օժանդակելու Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն նկատուող կարգ մը մարզերուն, ինչպէս` կրթութեան, ընկերային ապահովութեան, ջուրի մատակարարման եւ լիբանանցիներուն ներկայացուելիք ծառայութիւններուն:

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը 205,5 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանին` առ ի զօրակցութիւն անոր` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած դժուար ու տագնապալի պայմանները:

«Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը` շրջանային լարուածութեան եւ սպառնալիքներուն լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը գտնէ, որ լիբանանեան հաստատութիւնները լաւ կարողութիւններով օժտուած ըլլան` լաւագոյնս ծառայելու համար լիբանանցիներու կարիքներուն:

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանին պիտի օժանդակէ նաեւ այն իմաստով, որ գործադրուին ելեւմտական քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ երկրին տնտեսական պայմանները բարելաւել` Միջազգային դրամական ֆոնտին ծրագիրը աշխուժացնելու ընդմէջէն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը հաստատեց, որ այդ գումարը տրամադրուած է օժանդակելու Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն նկատուող կարգ մը մարզերուն, ինչպէս` կրթութեան, ընկերային ապահովութեան, ջուրի մատակարարման եւ լիբանանցիներուն ներկայացուելիք ծառայութիւններուն:

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա տիւ Վալ յայտնեց, որ Լիբանան աւելի քան երբեք կարիքը ունի իմաստուն կառավարումի, ինչպէս նաեւ պետական  ամուր հաստատութիւններու, որոնք կը գործեն ազդեցիկ ու թափանցիկ կերպով եւ ենթակայ են հաշուետուութեան:

«Մենք յանձնառու կը մնանք Լիբանանի օժանդակութեան, երկրին պետական հաստատութիւններուն ամրապնդման, ինչպէս նաեւ անոնց վարչութիւններուն արդիականացումին», հաստատեց ան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2023, 08:55