Որոնել

2023.12.11   Concerto Chiesa Armena Annunciazione - Nascita della Speranza

«Յոյսի ծնունդը» խորագիրով համերգ Աւետման Սրբոյ Կուսին եկեղեցւոյ մէջ

Համերգը գլխաւորեց եւ հովանաւորեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ կաթողիկոս պատրիարքին
Ունկնդրէ լուրը

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս-Պատրիարքին, կազմակերպութեամբ «Համազգային»-ի գեղարուեստի դպրոցներուն խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ի, երեկոյեան ժամը 7-ին, «Ս․ Աւետում» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին համերգը, որ ունէր «Յոյսի Ծնունդը» վերտառութիւնը։

Հանդիսավարուհի Մարալ Հարպոյեանի բացման խօսքով ու Շողիկ Թորոսեանի խմբավարութեամբ՝ «Կարկաչական»-ները Ս․ Ծննդեան հրաշափառ տօնին եւ Ամանորին նուիրուած երգերով ստեղծեցին խանդավառ ու յուսատու մթնոլորտ՝ հրճուեցնելով ներկաներուն սրտերն ու մտքերը։

Երգչախումբին դաշնակով կ’ընկերակցէին Համազգայինի «Բ․ Կանաչեան» երաժշտական գոլեճի ուսուցչուհի Վերոնա Ռուսիալեան եւ աշակերտ Քէվըն Եուսոֆ։

Աւարտին՝ Ամենպտ. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը, որ իր հայրապետական գահակալութենէն ի վեր, քանիցս արժեւորեց Համազգայինի 95-ամեայ առաքելութիւնը, յայտնեց իր հայրական գնահատանքը յատկապէս մեր անչափահաս արուեստագէտներուն՝ անոնց ուղղելով իր շնորհակալական ու քաջալերական խօսքը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2023, 08:10