Որոնել

Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը  (REUTERS)

Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ պահպանելու եւ երաշխաւորելու Արցախի Հայերուն իրաւունքները

Եւրոպական Միութիւնը դատապարտած է Ատրպէյճանի Սեպտեմբերի ռազմական յարձակումը Արցախի դեմ, քննադատած մարդկային զոհերը եւ Արցախի հայերուն զանգուածային գաղթը, որ տեղի ունեցաւ բռնութեան պատճառով։

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու գծով բարձր ներկայացուցիչը Ժոզեփ Պորել, պատասխանելով միութեան պատգամաւորներէն մէկուն գրաւոր հարցումին՝ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ պահպանելու եւ երաշխաւորելու Արցախի հայերուն իրաւունքները, որոնց կարգին՝ իրենց տուները վերադառնալու՝ տեղահանուածներուն իրաւունքը։

Ան ընդգծեց, որ Պրիւքսէլ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ հոն միջազգային մնայուն ներկայութիւն ապահովելու: «Ղարաբաղի հայերուն սեփականութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը պէտք է պաշտպանուին», ըսաւ Պորել։

Ան յիշեցուց, որ Եւրոպական Միութիւնը դատապարտած է Ատրպէյճանի Սեպտեմբերի ռազմական յարձակումը Արցախի դեմ, քննադատած մարդկային զոհերը եւ Արցախի հայերուն զանգուածային գաղթը, որ տեղի ունեցաւ բռնութեան պատճառով։

Պորել յայտարարեց, որ, թէեւ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութիւնը կը նպաստէ ուժանիւթի փոխադրութեան այլազանութեան Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան, սակայն Միութեան կառոյցները կը շարունակեն դիտարկել իրավիճակը տեղւոյն վրայ եւ կը զգուշացնեն՝ զերծ մնալ իրավիճակի հետագայ սրումէն, նաեւ՝ Հայաստանի տարածքին դէմ. ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան վերջնական նպատակն է՝ յառաջ տանիլ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարատեւ խաղաղութիւնը։

Պորել, ելոյթ ունենալով Մարդու իրաւունքներու 25րդ համաժողովին, խօսեցաւ նաեւ Արցախ հակամարտութեան մասին։

Ան հաստատեց, որ վերջին տարիներուն աւելի շատ հակամարտութիւններ կը լուծուին ուժի միջոցով: Իբրեւ օրինակ՝ ան մատնացոյց ըրաւ Ատրպէյճանի գործողութիւնները: «Օրինակ՝ տեսէք, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ։ Վաղուց սառեցուած հակամարտութեան ելքը, որ ես լուծուած չեմ նկատեր, վճռուեցաւ ռազմական միջամտութեամբ, ինչ որ 150 հազար անձերու ստիպեց տեղահան ըլլալ մէկ շաբթուան ընթացքին: Մէկ շաբթուան ընթացքին 150 հազար անձեր պարտադրուեցան հեռանալ իրենց տունէն եւ փախչել։ Իսկ միջազգային հանրութիւնը ափսոսանք յայտնեց, մտահոգութիւն յայտնեց, մարդասիրական աջակցութիւն ուղարկեց, բայց, այնուամենայնիւ, ամէն ինչ եղաւ ուժի կիրարկումով», ըսաւ Պորել:

Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարաքոս «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ միութիւնը մտադիր է Հայաստանի զինուած ուժերուն աջակցութիւն տրամադրելու վերաբերեալ յստակ առաջարկներ մշակել: Այդ նպատակով, Պրիւքսէլ հետագային թեքնիք յատուկ առաքելութիւն պիտի ուղարկէ Երեւան, սակայն, ան չյստակացուց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «ոչ մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւն» եւ արդեօք անիկա պաշտպանական զէնքերու տրամադրում կ՛ենթադրէ՞։

Ան նաեւ յիշեցուց, որ Պրիւքսէլ որոշած է ընդլայնել նաեւ Հայաստանի մէջ գործող դիտորդական առաքելութիւնը՝ դիտել տալով, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Պրիւքսէլի մէջ այժմ այդ հարցը կը քննարկեն։

Մարաքոս շեշտեց, որ դիտորդական առաքելութիւնը յստակ արդիւնքներ կու տայ սահմանին՝ թուլցնելով լարուածութիւնը։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2023, 08:23