Որոնել

AZERBAIJAN-ARMENIA-CONFLICT

Արցախի մէջ Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը Ազրպէյճանի հետ

Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն համագործակցութիւնը Պաքուի հետ` խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ անվտանգութիւնն ու մարդասիրական իրաւունքի պահպանումը ապահովելու համար:

Բռնագրաւուած Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը բանակցութիւններ վարած է ազրպէյճանական կողմին հետ` տարածքի ականազերծման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագիրը:

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ Ազրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան ու Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սակրաւորական զօրքերու ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են տարածքի միացեալ մարդասիրական ականազերծման վերաբերող հարցերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով», կը նշուի տեղեկագիրին մէջ:

Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն համագործակցութիւնը Պաքուի հետ` խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ անվտանգութիւնն ու մարդասիրական իրաւունքի պահպանումը ապահովելու համար:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2023, 08:44