Որոնել

Երկրաշարժ Երկրաշարժ  (AFP or licensors)

Չինաստանի մէջ ուժգին երկրաշարժ. կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Երկրաշարժը տեղի ունեցած է շուրջ կէս գիշերին Կանսու նահանգին մէջ: Այնտեղ հարիւրէ աւելի մարդ զոհուած է: Զոհեր կան նաեւ դրացի Ցինհայ նահանգին մէջ:

Չինաստանի հիւսիս-արեւմուտքը ուժգին երկրաշարժի պատճառով նախնական տուեալներով արձանագրուած է 118 զոհ եւ աւելի քան 500 վիրաւոր:

Երկրաշարժը տեղի ունեցած է շուրջ կէս գիշերին Կանսու նահանգին մէջ: Այնտեղ հարիւրէ աւելի մարդ զոհուած է: Զոհեր կան նաեւ դրացի Ցինհայ նահանգին մէջ:

Երկրաշարժին պատճառով երկու նահանգներուն մէջ ալ տուներ եւ ենթակառոյցներ վնասուած են: Որոշ շրջաններու մէջ խափանուած են ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարումները: Ընդհանուր առմամբ, աղէտի գօտի ուղարկուած է շուրջ 1500 հրշէջ-փրկարար:

Չինաստանի մէջ վերջին տասնամեակի ամէնէն աւերիչ երկրաշարժը 2008 թուականի մայիսին Սիչուան նահանգին մէջ արձանագրուած է` 8 աստիճան ռիխթըր ուժգնութեամբ: Այդ ժամանակ աւելի քան 70 հազար զոհ արձանագրուած էր:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2023, 08:06