Որոնել

Bomb explosion during a religious mass in Southern Philippines

Ֆիլիփինի մէջ Ս. պատարագի ընթացքին կաթողիկէ եկեղեցի մը ականահարուեցաւ։ Երկիրը թիրախ է նաեւ երկրաշարժի

Դէպքը տեղի ունեցած է երկրին հարաւը գտնուող Մարաւի քաղաքին մէջ:

Ֆիլիփինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցիի մը մէջ Ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցած ռումբի պայթումին հետեւանքով արձանագրուած է չորս զոհ: Այս մասին հաղորդեց «Կարտիըն»-ը:

Դէպքը տեղի ունեցած է երկրին հարաւը գտնուող Մարաւի քաղաքին մէջ:

Պայթումը խուճապ յառաջացուցած է հաւաքուած հաւատացեալներուն մօտ: Պայթումին հետեւանքով 50 մարդ դարմանմումի համար փոխադրուած են հիւանդանոց:

Իշխանութիւնները կատարուածը որակած են իսլամական ահաբեկչութիւն:

 

Երկարշարժ

Նշենք նեաւ որ կիրակի 3 դեկտեմբերին  Ֆիլիփինի մէջ տեղի ունեցած է 6,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին հաղորդեց Եւրոպական միջերկրածովեան երկրաբանական կեդրոնը:

Երկրաշարժի օճախը գտնուած է 63 քիլոմեթր խորութեան վրայ:

Ստորգետնեայ ցնցումները զգացուած են Պութուան քաղաքէն 148 քիլոմեթր դէպի արեւելք եւ Պիսլիկ քաղաքէն 59 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք:

Երկրաբանական կեդրոնի տուեալներով` այդ երկրաշարժէն քանի մը ժամ առաջ նոյն տարածքին մէջ արձանագրուած է 4,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը:

Շաբաթ օր Ֆիլիփինի Մինտանաօ կղզիին վրայ տեղի ունեցած էր 7,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը, որուն հետեւանքով արձանագրուած էր 1 զոհ, ինչպէս նաեւ ծովաշարժի ահազանգ հնչեցուած էր:

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2023, 07:47