Որոնել

Natale: albero e messaggi in galleria Napoli, 'dammi'na gioia'

Տօնածառը` Քրիստոնէական ակնոցով

Զարմանալիօրէն տօնածառը սիրուած է բոլորիս` թէ՛ մանուկին եւ թէ՛ պատանիին, թէ՛ երիտասարդին եւ թէ տարեցին, թէ՛ աղքատին եւ թէ՛ հարուստին, թէ՛ հոգեւորականին եւ թէ՛ աշխարհականին կողմէ: Սակայն ի՞նչ է այս բոլորին գաղտնիքը: Ինչո՞վ կը տարբերի Նոր տարուան ծառը սովորական ծառէն: Ինչո՞ւ տօնածառը այսքան դրական յատկութիւններով օժտուած է:
Ունկնդրէ լուրը

Բոլորիս «սրտին կը խօսի» Նոր տարուան ծառը: Անոր ներկայութիւնը մեր տուները կը լեցնէ  ուրախութեամբ, խաղաղութեամբ, խանդավառութեամբ եւ կեանքով: Անոր տեսքը մեր տան նոր փայլք ու նոր հմայք կը պարգեւէ: Զարմանալիօրէն տօնածառը սիրուած է բոլորիս` թէ՛ մանուկին եւ թէ՛ պատանիին, թէ՛ երիտասարդին եւ թէ տարեցին, թէ՛ աղքատին եւ թէ՛ հարուստին, թէ՛ հոգեւորականին եւ թէ՛ աշխարհականին կողմէ: Սակայն ի՞նչ է այս բոլորին գաղտնիքը: Ինչո՞վ կը տարբերի Նոր տարուան ծառը սովորական ծառէն: Ինչո՞ւ տօնածառը այսքան դրական յատկութիւններով օժտուած է:

Այս բոլորին պատճառը անոր մէջ թաքցուած հոգեւոր եւ քրիստոնէական իմաստն ու խորհուրդն է: Ինչպէս որ քրիստոնեային համար ամէն մէկ աւանդութիւն, տօն եւ սովորութիւն նշանակութիւն մը ունի, այնպէս ալ Նոր տարին եւ ի մասնաւորի տօնածառն ու անոր ընկերակից փայլուն աստղը, շողշողուն լոյսերը, գոյնզգոյն զարդարանքները եւ Աստուածորդւոյն խոնարհ մսուրը հոգեւոր եւ քրիստոնէական իմաստներ ունին: Ստորեւ կը ներկայացնեմ անոնց նշանակութիւնները:

Նոր տարուան տօնածառը մեզի կը յիշեցնէ, որ Եդեմի պարտէզին (Ծնունդներ 2. 1-25) մէջ գտնուող «բարիի եւ չարի գիտութեան» ծառը (Ծնունդներ 2. 17) պատճառ դարձաւ, որ աշխարհին մէջ մուտք գործեն մեղքը, մահն ու պատիժը: Սակայն կեանքի՛ ծառը, կենա՛ց փայտը, Քրիստոսի սո՛ւրբ խաչափայտը, մեզի մեղքերու ներում, Աստուծոյ հետ հաշտութիւն, սիրոյ թագաւորութիւն, հոգիի խաղաղութիւն, սրտի ուրախութիւն, մտքի հանգստութիւն եւ յաւիտենական կեանք ընձեռեց: Իսկ տօնածառին կանաչ գոյնը խորհրդանիշ է կենդանութեան, առինքնութեան, եռանդի, դալարութեան եւ մանաւանդ յաւիտենական կեանքի, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը` իբրեւ ձրի նուէր, պարգե՛ւ ստացաւ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ:

Նոր տարուան ծառի գագաթին գտնուող փայլուն աստղը մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի ծնած վայրին վրայ գտնուող այն փայլուն աստղը (Մատթէոս 2. 9), որ ամբողջ աշխարհին աւետեց Փրկիչին գալուստը եւ մոգերը առաջնորդեց դէպի Քրիստոս (Մատթէոս 2. 7-12): Երբ մեր տան տօնածառին վրայ Քրիստոսի փայլուն աստղին խորհրդանիշը զետեղենք, այդ մէկը կը նշանակէ, որ Քրիստոս ծնած է մեր տան մէջ, անոր բարի լուրը հասած է մեր տունը, եւ ո՛վ որ փափաքի, կրնայ մեր տունը յաճախել Քրիստոսը գտնելու համար:

Նոր տարուան ծառին շուրջ գտնուող լոյսերը խորհրդանիշ են ճշմարիտ եւ մաքրամաքուր Լոյսին` Քրիստոսի (Սաղմոս 83.12, Եսայի 60. 20, Միքիա 7.8): Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ո՛վ որ ինծի կը հետեւի, խաւարին մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ՛առաջնորդէ» (Յովհաննէս 8.12): Երբ մեր տան տօնածառը լոյսերով զարդարենք, այդ մէկը մեզի կը յիշեցնէ, որ Քրիստոսի աշխարհ  գալուստով մենք դադրեցանք խաւարի որդիներ ըլլալէ եւ դարձանք լոյսի ու ցերեկի որդիներ (Յովհաննէս 12. 35-36): Տիրոջ գալուստով մեր կեանքը լուսաւորուեցաւ աստուածային եւ յաւիտենականութեան անսպառ ու անմար լոյսով: Իսկ Նոր տարուան ծառին շուրջ գտնուող երփներանգ ու պէս-պէս գոյներով զարդարանքներն ու տերեւները մեզի կը յիշեցնեն, որ Քրիստոսով մեր կեանքը զարդարուեցաւ, գունաւորուեցաւ, ծիածանուեցաւ, ծաղկազարդուեցաւ, կանաչազարդուեցաւ եւ նոր ու փայլուն իմաստ զգեցաւ:

Սիրելի՛ հաւատացեալ ընթերցող,

Հիմա որ իմացար Կաղանդի ծառին իսկական խորհուրդը, այս խորհուրդին ակնոցով դիտէ տանդ մէջ գտնուող տօնածառը, որպէսզի դուն եւ ես, առաւել հասկցած ու ըմբռնած Նոր տարուան իմաստը, միասնաբար դիմաւորենք Նոր տարին` 2024-ը:

«Շնորհաւոր Նոր տարի, թող գալուստդ ըլլայ բարի»

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2023, 09:07