Որոնել

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքը  (2023 Getty Images)

Ուաշինկթըն. «Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում լուրջ հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ Հայաստանի «գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում լուրջ հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերահաստատած է իր վճռական աջակցութիւնը Հայաստանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան` պատասխանելով «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական ծառայութեան Լեմքինի հիմնարկի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասին հնչեցուցած մտահոգութեան վերաբերեալ հարցումին:

Յիշեցնենք, որ Լեմքինի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը 31 հոկտեմբերին յայտարարած էր կարմիր դրօշի ահազանգ եւ խոր մտահոգութիւն յայտնած յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստան ներխուժելու հաւանականութեան մասին:

Պատասխանելով «Ամերիկայի ձայն»-ի հարցումին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ Հայաստանի «գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում լուրջ հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ»:

«Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք ընդգծած ենք, որ այդ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում լուրջ հետեւանքներու պիտի յանգեցնէ: Մենք պարբերաբար կը շեշտենք մեր ակնկալութիւնները, օրինակ` ուժի կիրարկման դէմ յորդորը, եւ շարունակաբար կը հետեւինք կացութեան:

«Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու մտերիմ գործընկերն ու բարեկամն է, եւ մենք կ՛ակնկալենք աշխատիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ` ամրապնդելու համար Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական անվտանգութիւնը», նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2023, 09:26