Որոնել

Երաշնորհ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան Երաշնորհ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան 

Արցախի թեմի առաջնորդը նշանակուած է Մայր Աթոռի Արցախի Հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն

Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ եկեղեցականներու նոր նշանակումներ:
Ունկնդրէ լուրը

Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են եկեղեցականներու նոր նշանակումներ:

Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն, իսկ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան՝ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի վարիչ:

Հոգեշնորհ Տ. Սահակ վարդապետ Շաքարեան ծառայութեան կոչուած է Սիւնեաց թեմէն ներս առաջնորդական տեղապահի իշխանութեան ներքոյ:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 09:02