Որոնել

IMG_3952

Ամէն 3 երեխայէն 1-ը կը տուժէ ջուրի խիստ սակաւութենէ. ԵՈՒՆԻՍԵՖ

COP28 համաժողովին ընդառաջ մեկնարկած է«Climate Changed Child»ը, որու առթիւ ԵՈՒՆԻՍԵՖը կոչ ըրած է համաշխարհային առաջնորդներուն եւ միջազգային հանրութեան՝ կարեւոր քայլեր ձեռնարկելու երեխաներու հետ եւ երեխաներու համար՝ որպէսզի անոնց համար երաշխաւորուի լաւ ապրելու համար մոլորակ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Տուպայի մէջ կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած COP28 համագումարին ընդառաջ մեկնարկած է«Climate Changed Child»ը՝ ընդգծելու համար երեխաներուն սպառնացող վտանգը, որ ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖի նոր Զեկոյցի, առաջին հերթին կը յառաջանայ ջուրի խոցելիութեան հետեւանքով։

Նշենք թէ ջուրի լարուածութիւնը (սթրես), սակաւութիւնը եւ խոցելիութիւնը ԵՈՒՆԻՍԵՖի կողմէ համաշխարհային մակարդակով կատարած հետազօտութեան երեք ցուցիչներն են*։

Կազմակերպութեան տուեալներու համաձայն կլիմայական ճգնաժամի հետեւանքով ամբողջ աշխարհի մէջ 739 միլիոն երեխայ՝ այսինքն 3էն 1ը կ’ապրի ջուրի բարձր կամ շատ բարձր մակարդակի սակաւութիւն արձանագրած տարածքներուն մէջ:

Ըստ կանխատեսումներու, մինչև 2050 թուականը եւս 35 միլիոն մանուկներ պիտի բախուին ջուրի լարուածութեան բարձր կամ շատ բարձր մակարդակի հետ՝ ի մասնաւորի Մերձաւոր Արևելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի ​​եւ Հարաւային Ասիայի մէջ, երկիրներ, որոնք ներկայիս կը բախուին ամենէ մեծ փոփոխութիւններուն:

Աւելին, ջուրի մատչելիութեան նուազումը եւ խմելու ջուրի ու առողջապահական ծառայութիւններու անբաւարարութիւնը կրկնակի ազդեցութեամբ կը խորացնեն մարտահրաւէրները՝ երեխաներուն առ աւելիով վտանգի ենթարկելով:

Բացի այդ, ԵՈՒՆԻՍԵՖը նկատել տուած է, որ կլիմայական փոփոխութիւններու ծիրէն ներս տարբեր բազմակողմ հիմնադրամներու կողմէ կատարուող դրամական յատկացումներու միայն 2.4 առ հարիւրն է ուղղուած երեխաներու կարիքները բաւարարող ծրագիրերուն:

Կազմակերպութեան Զեկոյցի մէջ ուրուագծած են նաեւ մանուկներուն սպառնացող բազմաթիւ այլ վտանգները, որոնք եւս կլիմայի փոփոխութեան հետ կ’առնչուին ինչպէս օրինակ հիւանդութիւնները, օդի աղտոտուածութիւնը, ծայրայեղ եղանակային իրադարձութիւնները, որոնք են ջրհեղեղները և երաշտները:

Այդ ամէնու լոյսի ներքոյ, COP28ի առթիւ ԵՈՒՆԻՍԵՖը կոչ ըրած է համաշխարհային առաջնորդներուն եւ միջազգային հանրութեան կարեւոր քայլեր ձեռնարկել երեխաներու հետ եւ երեխաներու համար՝ այն նպատակով որ անոնց երաշխաւորուի ապրելու համար կարելի մոլորակ մը։

Անկախ COP28 համաժողովէն, Կազմակերպութիւնը յորդորած է քայլեր ձեռնարկել պաշտպանելու երեխաներու կեանքը, առողջութիւնը եւ բարեկեցութիւնը, եւ յատկապէս որպէսզի իւրաքանչիւր երեխայ դառնայ շրջակայ միջավայրի պաշտպանը եւ յարգէ կայունութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ միջազգային համաձայնագրերը:

«Մեր հաւաքական պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր երեխայի դարձնել կլիմայական ընդհանրական հրատապ գործողութիւններու առանցքը», յայտարարած է այս առիթով ԵՈՒՆԻՍԵՖի գլխաւոր տնօրէն Քեթրին Ռասելը:

 

*Ջուրի լարուածութիւն (սթրես)․ ջուրի ընդհանուր պահանջարկի եւ մակերևութային ու ստորերկրեայ վերականգնուող աղբիւրներու միջեւ յարաբերութիւնը

Ջուրի սակաւութիւն․ ջուրի լարուածութեան ցուցիչը հիմք ընդունելով կը հաշուարկէ եղանակային ու տարեցտարի փոփոխականութեան միջեւ յարաբերութիւնը:

Ջուրի խոցելիութիւն. կը հիմնուի ջուրի սակաւութեան ցուցիչի եւ խմելու ջուրի սպասարկման մակարդակի միջեւ յարաբերութեան վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2023, 12:28