Որոնել

ԵՈՒՆԵՍՔՕ ԵՈՒՆԵՍՔՕ  (Charnsitr)

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Ազրպէյճանը Ընտրեց Ընդհանուր Ժողովի Փոխնախագահ

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոյ. «ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն նպատակայարմար չնկատեց դատապարտել ազրպէյճանցիներու 9 ամիսներու շրջափակումը, որուն ընթացքին խաթարուեցաւ հազարաւոր հայ երեխաներու ուսումնական հոլովոյթը...»

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն անարգանք որակած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ կատարուածը:

«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն նպատակայարմար չնկատեց դատապարտել ազրպէյճանցիներու 9 ամիսներու շրջափակումը, որուն ընթացքին խաթարուեցաւ հազարաւոր հայ երեխաներու ուսումնական հոլովոյթը, իսկ հիմա Ազրպէյճանը կ՛ընտրէ իր Ընդհանուր ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին: Անարգանք», «Էքս»-ի վրայ գրած է ան:

Գրառման տակ մեկնաբանութիւն կատարած օգտատէրերը նշած են` «Սարսափելի է», «Հաստատութիւնները կը կորսնցնեն իրենց պատիւն ու վստահութիւնը», «Չզարմանաք, եթէ քանի մը օր ետք պարզուի, որ հսկայական գումար նուիրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին…»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2023, 08:02