Որոնել

Կազայի մէջ պատերազմի, յարձակումներու թիրախ անչափահասներ Կազայի մէջ պատերազմի, յարձակումներու թիրախ անչափահասներ 

Կազայի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն մանուկներ չ՝ունին ապաստանելու ապահով տեղ

Կազայի մէջ մինչեւ այսօր սպաննուեցան 4600 մանուկներ եւ գրեթէ 9600 վիրաւոր

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ԻՒՆԻՍԵՖԻ ընդհանուր տնօրէն, Քաթերին Ռասէլ հրապարակեց յայտարարութիւն մը Կազա կատարած այցելութեան մասին, որուն մէջ կը նշէ, թէ Կազա ժամանեց հանդիպելու համար անչափահասներու, անոնց ընտանիքներու ինչպէս նաեւ ԻՒՆԻՍԵՖԻ աշխատակիցներուն հետ դիտել տալով, որ անոնց իրավիճակը կը գտնուի  ցաւալի իրավիճակի մէջ որոնք թիրախ են ռմբակոծումներու, բախումներու։

ԻՒՆԻՍԵՖԻ տնօրէնը, յայտարարութեան մէջ նկատել կու տայ, որ Կազայի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն անչափահասներ չ՝ունին ապաստանելու ապահով վայրեր ու Հակամարտութեան մէջ գտնուող կողմերը ծանր բռնութիւններ կը բանեցնեն մանուկներուն դէմ, որոնց շարքին սպանութիւններ, անդամահատումներ, առեւանգումներ, դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու դէմ յարձակումներ եւ մարդասիրական օգնութեան թոյլտուութեան մերժումներ։ Ամէն բան որ ԻՒՆԻՍԵՖԸ կը դատապարտէ նշուած է յայտարարութեան մէջ։

ԻՒՆԻՍԵՖԻ տնօրէնը ապա մէջբերած է լրատուական այլ գործակալութիւններուն տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Կազայի մէջ սպաննուած են աւելի քան 4600 մանուկներ եւ 9000 վիրաւորուած եւ բազմաթիւ մանուկներ անյայտ վիճակի մէջ են ու կը մտածուի թէ անոնք աւերակներու, քանդուած կառոյցներու եւ բնակարաններու տակ թաղուած են։

ԻՒՆԻՍԵՖԻ ընդհանուր տնօրէնը տեղեկացուց որ Կազայի մէկ հիւանդանոցի մը մէջ մահացած են մասնագիտացած խնամք պահանջող նորածիններ ու սպառումի մէջ են ելեկտրականութեան մատակարարումը, դեղերու բաշխումը եւ բռնութիւնը կը շարունակուի անխտիր։

«ԻՒՆԻՍԵՖՆ ու անոր բոլոր գործակիցները իրենց կարողութեան համաձայն ամէն ջանք կը թափեն մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելու ինչպէս նաեւ պաշտպանելու համար անչափահասները», նշուած է յայտարարութեան մէջ ու հրաւէր ուղղուած է բոլոր կողմերուն երաշխաւորելու մանուկներու պաշտպանութիւնն ու խնամքը այնպէս ինչպէս նախատեսուած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքէն։ Յանձնարարուած է նաեւ որ երկու կողմերը անյապաղ մարդասիրական զինադադար հաստատեն, ապահով կերպով ազատ արձակեն կալանաւորուած եւ առեւանգուած անչափահասները եւ ապահովեն, որ մարդասիրական անձնակազմը ապահով, անվտանգ եւ անխոչընդոտ մուտք ունենան՝ հասնելու համար կարիքաւորներուն, բոլոր ծառայութիւններով եւ յարմարութիւններով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2023, 11:48