Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-KARABAKH-CONFLICT

«Յստակօրէն կը պահանջենք, որ ԼՂ Ժողովուրդը ապահով վերադարձի երաշխիքներ ունենայ» կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան Բանբերը

Սթանօ նաեւ յայտարարած է. «Եթէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը չյարգուի, հետեւանքներ պիտի ըլլան անոնց համար, որոնք զայն կը խախտեն»:
Ունկնդրէ լուրը

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով գլխաւոր բանբեր Փեթեր Սթանոն պարզաբանած է Եւրոպական Միութենէն հնչող յայտարարութիւնները Հայաստանին Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով աջակցելու, երկրին հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ հոլովոյթ սկսելու վերաբերեալ:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Փեթեր Սթանօ անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, որով վերջինս Եւրոպական Միութիւնը մեղադրած էր շրջանին մէջ նոր տագնապ խթանելու մէջ եւ սպառնացած համարժէք պատասխանով:

Սթանօ խօսած է նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու` միջազգային երաշխիքներու ներքեւ իրենց տուները վերադարձի կարեւորութեան մասին:

«Մենք շատ լաւ գիտենք, որ, թերեւս, հիասթափութիւն կամ քննադատութիւն կայ, որ Եւրոպական Միութիւնը բաւականաչափ աշխատանք չէ կատարած, սակայն ես պէտք է յիշեցնեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը միջամտող ուժ չէ: Մեր տրամադրութեան տակ եղած գործիքները քաղաքական են եւ դիւանագիտական: Եղան յայտարարութիւններ, հրապարակային յայտարարութիւններ, որոնք կը դատապարտէին Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միակողմանի զինուորական գործողութիւնը:

«(…) Մենք շատ յստակ կը պահանջենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապահով վերադարձի երաշխիքներ ունենայ: Գիտէք, անոնց ունեցուածքը չի կրնար բռնագրաւուիլ ուրիշին կողմէ: Պէտք է երաշխիքներ ըլլան այդ մարդոց անվտանգ վերադարձին համար, եթէ անոնք որոշեն վերադառնալ: Մենք նաեւ աւելցուցած ենք մեր մարդասիրական օգնութիւնը բռնի տեղահանուածներուն: Մենք կը շարունակենք պահանջել միջազգային մուտք եւ միջազգային ներկայութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` իբրեւ ժողովուրդին համար այս երաշխիքներու մաս», յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով գլխաւոր բանբերը:

Սթանօ նաեւ յայտարարած է. «Եթէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը չյարգուի, հետեւանքներ պիտի ըլլան անոնց համար, որոնք զայն կը խախտեն»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2023, 09:00